Արցախեան Պայքարի Զոհերու Յուշարձանի Բացում` Պատարայի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Ասկերանի Պատարա գիւղը եւ այնտեղ մասնակցեցաւ արցախեան պայքարին ընթացքին զոհուած պատարացիներու յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Իր խօսքին մէջ նախագահը կարեւոր նկատեց հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող այսպիսի կոթողի կառուցումը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ջանքերով իրականացուցին այդ ազգանպաստ նախաձեռնութիւնը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան նշեց, որ Պատարա գիւղի բնակիչները անձնուիրաբար մարտնչեցան Արցախի բոլոր ճակատներուն վրայ, իրենք զիրենք դրսեւորեցին իբրեւ խիզախ ու քաջարի մարտիկներ եւ այսօր ալ կը ծառայեն բանակի շարքերուն մէջ: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ գիւղին բնակիչները այսպիսի եռանդով պիտի շարունակեն ապրիլ եւ աշխատիլ:

Նախագահը պետական պարգեւներ եւ արժէքաւոր նուէրներ յանձնեց խումբ մը ազատամարտիկներու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )