«Թանկացումները Ընկերային Ըմբոստութեան Իրական Հիմքերն Են» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդման շրջագիծին մէջ նշեց, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ արձանագրուող թանկացումներուն հիմնական պատճառը անվստահութիւնն է ապագային նկատմամբ, քանի որ մարդիկ կ՛ուզեն օր առաջ շահ ունենալ:
«Կազի այսպիսի թանկացումը ահաբեկչութիւն է սեփական ժողովուրդին նկատմամբ: Եթէ Ռուսիա կարենայ այսպիսի խարդախութիւն ընել, ուրեմն այս ժողովուրդը իշխանութիւն չունի: Եթէ ռազմավարական գործընկերը կը ստրկացնէ մեզի, ապա մեզի պէտք չեն այսպիսի ռազմավարական գործընկերներ, կամ գոնէ իշխանութիւնը անմիջապէս պէտք է յայտարարէր, որ կը սեփականացնէ «ՀայՌուսԳազԱրդ»-ը», նշեց ան:
Մինասեան յայտնեց, որ կառավարութեան յայտարարութիւնը, որ ընկերային գետնի վրայ անապահով ընտանիքներուն կ՛օժանդակէ, ընդամէնը կ՛առաջնորդէ աղքատներու շերտի ընդլայնման: «Եթէ վերատեսութեան պիտի ենթարկեն ելեկտրականութեան սակագինը, ատիկա շղթայական կերպով պիտի յանգեցնէ այլ ապրանքներու թանկացման, ասիկա պատճառ պիտի դառնայ գնողունակութեան անկման, քանի որ ասիկա այն ապրանքն է, որ համակարգաստեղծ բնոյթ ունի մեր երկրին մէջ: Ես ասիկա կ՛ըսեմ, որ մեր աշխուժ քաղաքական եւ հասարակական գործիչները համախմբուին այս հարցին շուրջ: Ասոնք ընկերային ըմբոստութեան իսկական հիմքերն են: Եթէ իշխանութիւնը տակաւին չի հասկնար, ապա օրը օրին պիտի հասկնայ», յայտնեց ան:
Ըստ Մինասեանի, ասոր զուգահեռ նաեւ կ՛իրականացուի զսպողական քաղաքականութիւն` խեղդելով փոքր նախաձեռնութիւնները քաղաքին մէջ, վարկերու մէջ սեղմելով` գիւղին մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ քանի տակաւին երկրին կառավարութիւնը, նախագահը գիւղին մէջ ապահովագրական համակարգի անհրաժեշտութիւնը չեն տեսներ, իրավիճակը ասիկա պիտի ըլլայ: Ան աւելցուց, որ կարիքը կայ վտանգներու նուազեցման եւ կանխարգիլման քաղաքականութեան: Մինասեան վկայակոչեց միջազգային փորձառութիւնը, ուր առկայ են եւ փորձարկուած տարբեր մեքանիզմներ:
Ազգային ժողովի պատգամաւորը խօսեցաւ նաեւ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի գերեզմանի պղծման մասին` նշելով, որ այս յայտնի ազատամարտիկի սպանութիւնը չբացայայտելը այսպիսի իրավիճակ յառաջացուց: Ան վստահեցուց, որ իշխանութիւնը պէտք է ըստ կարելւոյն շուտ բացայայտէ սպանութեան գործը: «Եւ ոչ միայն բացայայտէ, այլեւ ամէնէն խիստ ձեւով պատժէ, որովհետեւ եթէ իրենք ատիկա չկատարեն, հասարակութեան մէջ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք ատիկա պիտի կատարեն», ըսաւ Մինասեան:

