«Յուլիսէն Սկսեալ Նուազագոյն Աշխատավարձը 45 Հազար Դրամ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան
Այս տարուան 1 յուլիսէն Հայաստանի կառավարութիւնը նուազագոյն աշխատավարձը պիտի բարձրացնէ մինչեւ 45 հազար դրամ: Այս մասին երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
«Նուազագոյն աշխատավարձն այսօր 35 հազար դրամ է, եւ մենք մտադիր ենք այս ցուցանիշն էապէս բարձրացնել: Մենք նախատեսում ենք Յուլիսի 1-ից նուազագոյն աշխատավարձը 35 հազարից դարձնել 45 հազար դրամ», ըսած է վարչապետը` պատասխանելով ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի այն հարցումին, թէ ի՛նչ գնահատական կու տայ նախորդ կառավարութեան գործունէութեան:
Նախապէս «Սիվիլնեթ»-ը գրած էր, որ կառավարութիւնը կը քննարկէ 1 յուլիսէն նուազագոյն աշխատավարձը 28,5 առ հարիւրով բարձրացնելու կարելիութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք պետական պիւտճէին ծախսերը պիտի աւելնան 2 միլիառ դրամով: Եթէ նոյն չափով բարձրանայ նաեւ հիմնական կենսաթոշակը, ծախսերը պիտի աւելնան եւս 10 միլիառ դրամով:
18 մարտին լրատուամիջոցներուն հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, թէ կառավարութիւնը լրջօրէն կը դիտարկէ 1 յուլիս 2013-էն նուազագոյն աշխատավարձի չափը բարձրացնելու հարցը: Ըստ նախագահին, պիտի քննարկուի նաեւ թոշակներու բարձրացման խնդիրը:

