Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Մնայ Շախտիոր Տոնեցքի Հետ

Իր լուրը քաղելով ուքրանական itasportpress կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Շախտիոր Տոնեցքի մարզիչ Միրսա Լուչեսքու ըսած է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան պիտի մնայ իր կազմին հետ:

«Եուվենթուս պէտք է այլ մարզիկի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսի, որովհետեւ հայ ֆութպոլիստը պիտի մնայ մեզի հետ: Մենք նպատակ չունինք Մխիթարեանը որեւէ ակումբի տալու: Կը փափաքինք յաւելեալ յաջողութեան հասնիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: Մխիթարեան երիտասարդ հետաքրքրական ֆութպոլիստ է, որ հետզհետէ աւելի հանրածանօթ կը դառնայ», ըսած է Լուչեսքու:

Նշենք, որ Մխիթարեան Տոնեցքի միացաւ 2010-ին:

Share this Article
CATEGORIES