Լեւոն Հայրապետեան Շուտով Պիտի Վերադառնայ Ֆութպոլի Դաշտերը

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լեկիա Կտանսքիի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան շուտով պիտի վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը:

Սեպտեմբեր 2012-ին Պուլկարիա – Հայաստան մրցումին ընթացքին վիրաւորուելէն ետք ան ոչ մէկ մրցումի մասնակցած է:

«Հիմա ինքզինքս համեմատաբար աւելի լաւ կը զգամ: 24 մայիսին պիտի միանամ իմ ակումբիս եւ վերսկսիմ իմ փորձերուս` խմբակիցներուս հետ: Յոյս ունիմ յառաջիկայ մրցումներուն թէ՛ օգնել իմ ակումբիս եւ թէ՛ ալ Հայաստանի հաւաքականին», ըսաւ Հայրապետեան:

 

Share this Article
CATEGORIES