Եուրա Մովսիսեան` Ապաքինումի Ընթացքին Մէջ

Եուրա Մովսիսեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան արդէն իսկ գրեթէ ապաքինած է իր ստացած վնասուածքէն, կը յայտնէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ»:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մովսիսեան ըսած է. «Բաղդատմամբ անցեալին, հիմա ինքզինքս աւելի լաւ կը զգամ: Արդէն իսկ կրնամ սովորական փորձերուն մասնակցիլ: Կը կարծեմ, որ եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, կրնամ իմ նախկին ակումբիս դէմ տեղի ունենալիք մրցումին մասնակցիլ»:

Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ Սպարտակ Մոսկուա – Մոսկուայի Բանակայիններ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ 22 ապրիլին:

Share this Article
CATEGORIES