Փորթօ Ախոյեան` 27-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Փորթօ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Փաքոս Ֆերէյրայի դաշտէն, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` 27-րդ անգամ ըլլալով:

Փորթօ, որ այսպիսով յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին, վերջին 20 տարիներուն 14 անգամ ինքն է, որ հանդիսացած է ախոյեան:

Փորթոյի երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին արժանթինցի Լուչօ Կոնզալես եւ քոլոմպիացի Ճեքսըն Մարթինեզ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )