Ջուլֆալակեան. «Վստահ Եմ, Որ Լալովիչ Պիտի Լուծէ Ըմբշամարտի Հարցերը` Ողիմպիական Խաղերուն»

Նենատ Լալովիչ

Նախորդ շաբաթավերջին Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նոր նախագահ ընտրուեցաւ սերպ Նենատ Լալովիչ` փոխարինելով նախորդ փետրուարին պաշտօնանկ եղած Ռաֆայէլ Մարթինեթթին:

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած այս ընտրութիւններուն Լալովիչի ի նպաստ քուէարկեցին 125 անձեր, մինչ 7 ուրիշներ` դէմ: Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2014:

Անդրադառնալով անոր այս ընտրութեան` Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան ըսաւ. «Լալովիչ ընդունակ է նոր եւ լաւ փոփոխութիւններ կատարելու: Ան այդ փոփոխութիւնները անկասկած պիտի կատարէ, որովհետեւ ես վստահ եմ ատկէ: Համոզուած եմ, որ վերջին շրջանին յառաջացած խնդիրները կը գտնեն իրենց դրական լուծումը եւ ան կը լուծէ մանաւանդ ըմբշամարտի հարցերը` ողմիպիական խաղերուն»:

Նշենք, որ Մարթինեթթի պաշտօնանկ եղած էր, որովհետեւ ան յայտարարած էր, որ Միջազգային ողմիպիական կոմիտէն 2020-ի ողիմպիական խաղերէն շատ հաւանաբար դուրս ձգէ ըմբշամարտի մարզաձեւը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )