Իտալացի Ռիցոլի` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Աւարտական Մրցումին Իրաւարարը
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յառաջիկայ 25 մայիսին տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի:
Անգլիոյ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին, որ պիտի ըլլայ զուտ գերմանական, իրարու դէմ պիտի ճակատին Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ:
41 տարեկան Ռիցոլի եղած է նաեւ 2010-ի «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական մրցումին իրաւարարը, ինչպէս նաեւ «Եուրօ-2012-ին եւս եղած է պաշտօնի վրայ:
Անոր օգնականները պիտի ըլլան իտալացիներ Ռենաթօ Ֆաւերանի եւ Անտրէա Սթեֆանի, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա):
CATEGORIES Մարզական