Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ – Թատամոն Զուք Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 21 մայիսին, «ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) Անդրանիկ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Թատամոն Զուքը:

Մրցումը, որ երկու կազմերուն միջեւ պիտի ըլլայ առաջինը եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, կ՛իյնայ Ա. դասակարգին մէջ մնալու կամ Ա. դասակարգ բարձրանալու մրցումներուն ծիրին մէջ:

Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգի խումբերուն:

Ներկայ դրութեամբ Անդրանիկ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին, իսկ Թատամոն Զուք` Բ. դասակարգին:

Անոնց միջեւ, երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 23 մայիսին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ:

Իսկ երրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Նաքքաշի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )