ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ, ԻՍԿ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ճշդուած ժամկէտին` սեպտեմբերին, որմէ ետք պիտի որդեգրուի նոր սահմանադրութիւն մը, որուն հիմամբ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն:

Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարարի իրաւաբանական հարցերով օգնական եւ զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի անդամ Մամտուհ Շահին յայտնեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 30 սեպտեմբերին:

Ան վերոնշեալ յայտարարութիւնները կատարեց խորհուրդին կողմէ յառաջիկայ ընտրութիւնները կանոնաւորող «Քաղաքական իրաւունքներուն սկսող օրէնք»ի հրապարակման առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Ըստ Շահինի, այդ օրէնքին ամէնէն կարեւոր կէտը խորհրդարանի ընտրութիւնը երկու կամ երեք հանգրուաններով կատարելն է, իսկ այդ որոշումը պիտի տայ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը, որ ամբողջովին դատական հովանաւորութեան եւ զինեալ ուժերու երաշխիքին տակ պիտի ըլլայ:

Միւս կողմէ, զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի երկու անդամներ, ինչպէս նաեւ ականաւոր զօրավար մը ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Իսլամ եղբայրները թերեւս խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին մեծամասնութեան տիրանան, սակայն եթէ իշխանութեան հասնին` պիտի չվերընտրուին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES