ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ «ԳՈՐԾԱԿԱԼ» ԿՈՉԵԼԷ ԵՏՔ. ՍԱԼԵՀ ԿԱՆԽԱՀԱՍ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ երէկ կանխահաս նախագահական ընտրութեան հրաւէր ուղղեց, սակայն իր հեռացումը պահանջող ցուցարարները դարձեալ «գործակալ» կոչեց, իսկ անոնց կատարած ցոյցերը` յեղաշրջումի փորձ:

Ուշագրաւ էր, որ Սալեհ իր խօսքին մէջ Եմէնի տագնապի լուծման Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութեան որեւէ ակնարկ չկատարեց, հակառակ անոր որ իշխող կուսակցութենէն լաւատեղեակ աղբիւրներ հինգշաբթի օր վստահեցուցած էին, որ Սալեհ կիրակի օր պիտի ստորագրէ զայն: Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ստորագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սանաայի մէջ` ներկայութեամբ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զէյնիի եւ խորհուրդի անդամ երկիրներու դեսպաններուն:

Նշենք, որ ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, եմէնցի ընդդիմադիր ղեկավար մը յայտնած է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները տեղեկութիւն ստացած են, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը այսօր արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Եմէնի տագնապը:

Share this Article
CATEGORIES