ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՓԵՇԱՈՒԱՐԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻ ՇՔԱԽՈՒՄԲԻՆ ԴԷՄ

Փաքիստանի թալեպանները ուրբաթ օր յայտարարեցին, որ հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին պատկանող շքախումբի մը դէմ կատարած են յարձակում մը, որ պատճառեց զոհ մը եւ 10 վիրաւոր: Յարձակումը կու գայ միանալու ամերիկեան մասնայատուկ ուժերուն կողմէ Ուսամա Պըն Լատենի սպանութենէն ետք կատարոած յարձակումներուն, սակայն անիկա արեւմուտքցիներու դէմ առաջին յարձակումն էր:

Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբեր Ալպերթօ Ռոտրիկեզ յայտնեց, որ յարձակումին ընթացքին ոեւէ ամերիկացի չէ վնասուած: Յարձակումը կատարուած է ճամբեզրին զետեղուած եւ 50 քիլոկրամ ուժգնութեամբ ականի մը միջոցով:

Քայիտա եւ թալեպանները խոստացած են Պըն Լատենի սպանութեան համար վրէժ լուծել:

Share this Article
CATEGORIES