ՔՈՐՈՒԹԻՒՐՔ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Քորութիւրք

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտ, նախկին դեսպան Օսման Քորութիւրք քննադատած է Հայաստանի նկատմամբ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը:

Քորութիւրք «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է, որ «(1915-ի) ցաւալի դէպքերը փոխադարձ էին. պէտք է (հայերուն հետ) դէմ առ դէմ խօսինք: Հայկական սփիւռքը կը պնդէ, որ իրենք միակն էին, որ տառապեցան. իսլամ թուրքերուն ցաւը եւս պէտք է ճանչցուի: Կրնանք յառաջ ընթանալ, եթէ մեր ցաւերը դարմանենք եւ անցեալը պատմաբաններուն ձգենք: Նոյնիսկ գերմանացիներն ու հրեաները կրցան այդ մէկը ընել: Ինչո՞ւ մենք չընենք»: Ան ըսած է, որ իր կուսակցութիւնը Թուրքիոյ դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ, եւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ փակ սահմանի հարցը վերաշխուժացնելու կարելիութեան ակնարկած է:

«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Հայաստանի նկատմամբ իր նախաձեռնութեան սկսաւ անյարմար գործընկերով մը եւ անյարմար պայմաններու մէջ: Նկատի ունեցէք այն իրողութիւնը, որ ոեւէ մէկը, որ կ՛ըսէ, թէ ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, կը պատժուի Զուիցերիոյ մէջ, որ միջնորդ երկիրն է», ըսած է ան:

«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ձախողեցաւ համակարգումի ճամբով գործելու: Ազրպէյճան բաւարար չափով տեղեակ չէր պահուած® Ղարաբաղի հարցը, Կիպրոսի հարցին նման, լուծուելու համար բազմաթիւ տարիներու կը կարօտի: Երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Ազրպէյճանէն ժխտական հակազդեցութիւններ ստացաւ, սխալ շրջադարձ մը կատարեց եւ Ղարաբաղի հարցը յառաջ մղեց, (որուն իբրեւ արդիւնք) հոլովոյթը իր կշռոյթը կորսնցուց: Եթէ հարցերը Ազրպէյճանի հետ համակարգուէին եւ (Ազրպէյճան) բաւարար չափով տեղեակ պահուէր, այս բոլորը պիտի չպատահէին», յայտնած է Քորութիւրք:

Ան ըսած է, որ եթէ Թուրքիա կ՛ուզէ շրջանին մէջ հզօր դերակատար մը ըլլալ, ապա պէտք է իր դրացիներուն հետ պատշաճ երկխօսութիւն զարգացնէ: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ Հայաստան իր արտաքին առեւտուրի նկատառելի մէկ բաժինը Իրանի եւ Վրաստանի հետ կը կատարէ` աւելցնելով, որ հակառակ անոր եւ հակառակ փակ սահմանին, Թուրքիա Հայաստանի արտածման երկրորդ մեծագոյն շուկան է: Բայց եւ այնպէս, այս առեւտուրին ամբողջ շահէն Իրանն ու Վրաստանը կ՛օգտուին:

Խօսելով թրքահայութեան հետ իր կուսակցութեան յարաբերութեան մասին` ան ըսած է, որ «մենք բոլորը իրարու հաւասար թուրք քաղաքացիներ կը նկատենք: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նկատմամբ (փոքրամասնութեանց) պահած հեռաւորութիւնը հաւանաբար ծնունդ կ՛առնէ միակուսակցական ժամանակաշրջանին պատահած հարցերէն»: Ան փոքրամասնութեանց կոչ ուղղած է քաղաքական կեանքին մէջ աւելի աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու:

 

Share this Article
CATEGORIES