«ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ԽԱՂԱՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

19 մայիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:

Նախարար Քլինթըն, ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը կապուած են ամուր բարեկամութեամբ ու գործընկերութեամբ, եւ թէ յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի կ՛ամրապնդուին եւ կը զարգանան:

«Արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ բազմաթիւ հանդիպումներ կայացած են, եւ ես ուրախ եմ կրկին ընդունելով զայն արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունին այնպիսի բազմաբնոյթ կապեր, որոնք կը սկսին քաղաքականութենէն եւ կը հասնին մինչեւ անձնական յարաբերութիւններ եւ աւելին, ինչ որ մեզի համար շատ կարեւոր է: Մենք մեծ նշանակութիւն ունեցող հարցեր պիտի քննարկենք, եւ ես կ՛ակնկալեմ, որ պիտի շարունակենք մեր այդ կարեւոր երկխօսութիւնը», ըսած է Քլինթըն:

Նախարար Նալբանդեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով Ուաշինկթըն այցելելու հրաւէրին համար, ըսած է. «Մեր հանդիպումներուն յաճախակիութիւնը կը վկայէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու եւ ամրապնդելու մեր յանձնառութեան մասին. վերջին տարիներուն ընթացքին, մենք, միացեալ ջանքերով, որակապէս նոր մակարդակի վրայ բարձրացուցած ենք մեր համագործակցութիւնը»:

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր մարզերուն վերաբերող հարցեր, տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման կարելիութիւններ, Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու դրական ընթացքը եւ շրջանային հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին Է. Նալբանդեան եւ Հիլըրի Քլինթըն միտքեր փոխանակած են արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: Հ. Քլինթըն ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծումը կարելի է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, եւ նշած, որ Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ, պիտի շարունակեն իրենց լիակատար աջակցութիւնը տագնապի կողմերուն միջեւ համաձայնութիւններու ձեռք բերման եւ հիմնախնդիրի հանգուցալուծման համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES