Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Գահակալութեան Լոյսին Տակ. Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլա Եւ Յիսուսեան Միաբանութեան Կազմաւորումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Իգնատիոս տէ Լոյոլա, հոգեփոխութեան տագնապի շրջանէ մը ետք, հոգիի փրկութեան հասնելու եւ Աստուծոյ ու եկեղեցիին ծառայելու առաջադրանքով հիմնեց Յիսուսեան միաբանութիւնը:

***

Սուրբ Իգնատիոս տէ Լոյոլա

Իգնատիոս տէ Լոյոլա, որ Երուսաղէմ ուխտագնացութենէն ետք Վենետիկ ցամաք ելած էր, երկու ամիս հոն մնալէն ետք ճամբայ ելաւ դէպի Պարսելոնա. անցաւ Ֆերրայէն եւ Ճենովայէն նաւ առնելով Պարսելոնա ցամաք ելաւ:

Պարսելոնայի Սանթա Մարիա տէլ Մար եկեղեցին յաճախելով, Ինիկօ տէ Լոյոլա հոն ծանօթացաւ բարեպաշտ եւ ազնուական կնոջ մը` Իզապէլ Ռոսէրի: Խորապէս տպաւորուած անոր բարեպաշտութեամբ եկեղեցիէն ելլելէն ետք Իզապէլ իր տունը ընթրիքի հրաւիրեց Ինիկոն: Ինիկօ ծանօթացաւ նաեւ ուրիշ հարուստ կիներու` Ինէս Փասքուալի եւ Իզապէլ տէ Խոսայի: Իզապէլ Ռոսէր Ինիկոն խրատեց ուսանելու, լատիներէն սորվելու եւ քոլէճ մտնելու, եւ խոստացաւ օգնել իրեն: Այսպիսով Լոյոլա 33 տարեկանին դպրոց մտաւ եւ 8-էն 14 տարեկան տղոց դասընկեր եղաւ: Լատիներէն քերականութեան ուսուցիչն էր Խերոնիմօ Արտեւոլ: Ինիկօ իր ապրուստը կ՛ապահովէր Իզապէլ Ռոսէրի տուած նպաստով:

Պարսելոնայէն հեռացաւ 1526 մայիսին եւ Մատրիտի մօտակայ Ալքալա տէ Հենարէսի համալսարանը մտաւ, հետեւելով տրամաբանութեան, փիլիսոփայութեան, բուժագիտութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքներուն: Յամառ աշխատանքով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեց. սորվեցաւ գիշեր եւ ցերեկ: Անթեսանա հիւանդանոց-որբանոցին մէջ բնակեցաւ եւ ապրեցաւ բարեպաշտներու նուիրատուութիւններով: Որբանոցին մէջ իր շուրջ մանուկներ եւ մեծեր խմբեց եւ հոգեւոր հաւաքներ կազմակերպեց: Հաւատաքննութեան ուշադրութիւնը գրաւեց եւ 1527 ապրիլ 21-ին բանտ նետուեցաւ, ուր մնաց մինչեւ 1 յունիս:

Բանտէն ելլելէն ետք Թոլետոյի արքեպիսկոպոս Ալոնսօ տէ Ֆոնսեքայի մօտ գնաց: Արքեպիսկոպոսը անոր թելադրեց հեռանալ Ալքալայէն եւ Սալամանքա երթալ եւ հոն շարունակել ուսումը, եւ իր պաշտպանութիւնը խոստացաւ անոր:

Դէպի Սալամանքա ճամբայ ելաւ հաւանաբար 1527 յուլիսին: Հասնելէն ետք եկեղեցի գնաց աղօթելու: Յետոյ համալսարան մտաւ եւ միաժամանակ փողոցները սկսաւ քարոզել: Տոմինիքեան վանական մը, որուն Ինիկօ խոստովանանք եղած էր, վանք հրաւիրեց զինք: Յաջորդ կիրակի ալ ընթրիքի հրաւիրուեցաւ վանք. ընթրիքէն ետք վանքին մեծաւորը Խոստովանահօր եւ այլ միաբանակիցներու հետ մատուռ առաջնորդեց Ինիկոն եւ հարցաքննեց զայն: Յետոյ տոմինիքեաններ բանտ նետեցին զինք: Հարցաքննութիւններէն պարզուեցաւ, որ հերձուածողական բան չկար Ինիկոյի ուսուցման մէջ. ան միայն մանուկներուն կրօնական գիտելիքներ կ՛ուսուցանէր: Երեք շաբաթ բանտ մնալէն ետք ազատ արձակուեցաւ:

***

Սալամանքայէն հեռանալէն ետք Ինիկօ տէ Լոյոլա մեկնեցաւ Պարսելոնա եւ հոնկէ հետիոտն ճամբայ ելաւ դէպի Փարիզ, ուր հասաւ 2 փետրուար 1528-ին:

Փարիզ հասնելէն ետք Ինիկօ տէ Լոյոլա Մոնթեկիւ քոլէճը մտաւ, որուն դասընթացքներուն հետեւեցաւ 1528-1529 տարեշրջանին: Ուսման ծախսերը եւ ապրուստը կը հոգար Իզապէլ Ռոսէրի ղրկած նպաստներով: 1529-ին Ինիկօ Սէնթը-Պարպը քոլէճը մտաւ, որուն տնօրէնն էր Տիեկօ տէ Կուեւա: Կրթական ծրագիրը կ՛ընդգրկէր լատիներէն քերականութիւն, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն: Ուսանողները կ՛արթննային առտուան ժամը 4:00-ին. դասաւանդութիւնները կը սկսէին ժամը 5:00-ին եւ կը շարունակուէին մինչեւ յետմիջօրէ: Ինիկոյի սենեակակից ուսանողներ էին իրեն հայրենակից Ֆրանսիսքօ Խաւիէ եւ ֆրանսացի Փիեռ Ֆաւրը:

Ռոսէրի ղրկած նպաստները նենգութեամբ ձեռքէն առին, որմէ ետք Լոյոլա զրկուեցաւ նիւթական ամէն հնարաւորութենէ եւ ողորմութեամբ սկսաւ կտոր մը հաց ճարել: Կիրակի եւ տօն օրերուն ան իր ընկերներուն հետ աղօթքով կ՛անցընէր:

Ամրան արձակուրդներուն Ինիկօ Ֆլանտրիա կ՛երթար աշխատելու, դրամ շահելու եւ ուսման ծախսերը ապահովելու համար: 1531-ին ալ Անգլիա գնաց եւ հոն հաստատուած սպանացի վաճառականներէն նպաստ հաւաքեց:

Լոյոլա 1534-ին վկայուեցաւ մագիստրոս արուեստից աստիճանով. վկայականին մէջ, Ինիկոյի փոխարէն Իգնատիոս անունը արձանագրուեցաւ եւ այնուհետեւ այդ անունով կոչուեցաւ:

Իգնատիոս տէ Լոյոլա իր առաքինի վարք ու բարքով մեծապէս ազդեց այլ ուսանողներու վրայ: Իրեն միացան վեց ընկերակիցներ, բոլորն ալ համալսարանականներ: Առաջինները Ֆրանսիսքօ Խաւիէն եւ Փիեռ Ֆաւրըն էին. այնուհետեւ միացան սպանացիներ Ալֆոնսօ Սալմերոն, Տիեկօ Լայնէս եւ Նիքոլաս Պոպատիլիա եւ փորթուգալցի Սիմոն Ռոտրիկէշ: Փիեռ Ֆաւրը 1534 մայիս 30-ին քահանայ ձեռնադրուեցաւ:

15 օգոստոս 1534-ի Աստուածածնի տօնի առաւօտուն Փարիզի Մոնմարթրը թաղամասի Անթուանէթ փողոցի Սէն-Տընի մատուռին մէջ, պատարագէն ետք, զորս մատոյց Փիեռ Ֆաւրը, Լոյոլա եւ իր ընկերակիցները հաղորդութիւն ստացան եւ ընկերակցութիւն կազմեցին, ուխտելով աղքատութիւն եւ ողջախոհութիւն եւ երկու տարիէն, ուսումը աւարտելէն ետք Երուսաղէմ երթալ ու անհաւատները քրիստոնեայ դարձնել: Եթէ Երուսաղէմ երթալը անկարելի ըլլար, Հռոմ պիտի երթային եւ իրենք զիրենք պապի տրամադրութեան տակ պիտի դնէին:

***

Լոյոլա սրբատեղին եւ պազիլիքան

Իգնատիոս տէ Լոյոլա Փարիզէն հեռացաւ 1535-ի գարնան եւ իր բարեկամներուն կողմէ տրամադրուած ձիով ճամբայ ելաւ դէպի ծննդավայրը` Լոյոլա, ընտանիքին մօտ: Հարազատները մեծ ուրախութեամբ եւ կարօտով ընդունեցին զինք, բայց ան չուզեց դղեակին մէջ մնալ եւ Ասփէյթիայի Մակտալենա հիւանդանոցին մօտ գտնուող, գիւղին աղքատիկ տուներէն մէկուն մէջ սենեակ մը վարձեց, ուր կայք հաստատեց ապրիլ 30-ին: Ողորմութեամբ ինքզինք պահեց, մանուկներ հաւաքեց իր շուրջ եւ անոնց խօսեցաւ Աստուծոյ եւ հաւատքի մասին: Չափահասներն ալ շաբաթը երեք անգամ հաւաքելով քարոզեց անոնց: Այնքան հետաքրքրութիւն ստեղծեց եւ ժողովրդականութիւն շահեցաւ, որ հանդիպումները եւ կրօնական նիւթերու շուրջ քննարկումները ամէնօրեայ դարձան: Յուլիսի վերջաւորութեան ան հրաժեշտ առաւ հարազատներէն եւ բարեկամներէն եւ ճամբայ ելաւ դէպի Փամփլոնա:

Փամփլոնայէն ուղղուեցաւ դէպի արեւելք` Սանկիւէնսա եւ հոնկէ` մօտակայ Խաւիէ դղեակը եւ այցելութիւն մը տուաւ իր ընկեր Ֆրանսիսքօ Խաւիէի հարազատներուն: Խաւիէէն մեկնեցաւ Ալմասան, Տիեկօ Լայնէսի հարազատներուն այցելութեան: Այնուհետեւ այցելեց Թոլետօ` Ալֆոնսօ Սալմերոնի հարազատներուն: Թոլետոյէն մեկնեցաւ Վալենսիա, Նիքոլաս Պոպատիլիայի հարազատներուն մօտ:

Վալենսիայէն երբ նաւ պիտի առնէր դէպի Ճենովա, զգուշացուցին զինք ծովահէններու վտանգէն, որոնք այդ օրերուն մեծ առագաստանաւերով կը վխտային ծովուն վրայ: Բայց Իգնատիոս Աստուծոյ ապաւինելով նաւ բարձրացաւ: Ծովուն վրայ նաւը փոթորիկի բռնուեցաւ, բայց ճամբորդները անվնաս ցամաք ելան: Ցամաք ելլելէն ետք գնաց Պոլոնիա եւ այնուհետեւ հոնկէ ուղղուեցաւ դէպի Վենետիկ:

***

Լոյոլա Վենետիկ հասաւ 1535-ի դեկտեմբերի վերջաւորութեան, ուր սպասեց, մինչեւ որ ընկերակիցները միանային իրեն: Ինքնաշխատութեամբ աստուածաբանական իր գիտելիքները կատարելագործեց եւ հիւանդանոցի մը մէջ համեստ աշխատանքներ ստանձնեց:

Մինչ այդ Փիեռ Ֆաւրը Փարիզի մէջ իր շուրջ հաւաքած էր Ժընեւաբնակ սաւուացի Քլոտ լը Ժայը եւ ֆրանսացիներ Փասշասը Պրոէն եւ Ժան Քոտիւրը: Պատերազմը արդէն սկսած էր Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ եւ Փարիզի մէջ հակասպանական տրամադրութիւն կար: Անոնք որոշեցին ճշդուած ժամանակէն առաջ հեռանալ Փարիզէն եւ 15 նոյեմբեր 1536-ին ճամբայ ելան դէպի Վենետիկ: Ճամբան ֆրանսացի զինուորներու հետ շարք մը հարցեր դիմագրաւելէ ետք անոնք 8 յունուար 1537-ին Վենետիկ հասան եւ Իգնատիոսը գտան հիւանդանոցի մը մէջ, յոգնած եւ հիւանդկախ:

Դէպի Սուրբ Վայրեր նաւ առնելու համար ընկերակիցները սպասեցին ամրան եւ երկու հիւանդանոցներու մէջ ծառայելու մտան, ստանձնելով հիւանդներ լուալու, անկողինները շտկելու եւ գետինները աւլելու խոնարհ աշխատանքները: Մարտին Իգնատիոս իր ընկերակիցները Հռոմ ուղարկեց, որպէսզի պապին արտօնութիւնը առնեն ուխտագնացութեան համար, եւ խնդրելու, որպէսզի զիրենք քահանայ ձեռնադրէ: Պօղոս Գ. պապին հետ հանդիպումը կայացաւ ապրիլ 3-ին, Աւագ երեքշաբթի օր. պապը շատ դրական տպաւորուեցաւ լաւ պատրաստուած այս երիտասարդներէն, ուխտագնացութեան արտօնութիւն շնորհեց եւ դրամ տուաւ անոնց իբրեւ ճանապարհածախս: Պապը նաեւ անոնց ըսաւ որ լարուածութիւնը սաստկացած է Միջերկրականի վրայ եւ տարակուսանք յայտնեց որ կարենան մեկնիլ:

Վենետիկ վերադառնալէն ետք անոնք իրենց կամաւոր ծառայութիւնը շարունակեցին հիւանդանոցներուն մէջ: 24 յունիս 1537-ին Իգնատիոս տէ Լոյոլա եւ իր ընկերակիցներէն չորսը` Պոպատիլիա, Լայնէս, Խաւիէ, Քոտիւր եւ Ռոտրիկէշ Արպէի եպիսկոպոս Վինչենծօ Նիկուսանթիի ձեռամբ կրօնաւոր ձեռնադրուեցան Վենետիկի մէջ, եւ Վենետիկի մօտակայ տան մը մէջ պատրաստուեցան առաքելական գործունէութեան:

***

Ամրան Ատրիականի վրայ թուրքերուն հետ լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ եւ ծովուն վրայ նաւարկութիւնը չափազանց վտանգաւոր դարձաւ: Ստիպուած անոնք փոխեցին իրենց ծրագիրը եւ հիւսիսային Իտալիոյ քաղաքները մեկնեցան, աղօթելու, քարոզելու եւ առաջին պատարագը մատուցելու համար: Յուլիս 25-ին Լոյոլա, Ֆաւրը եւ Լայնէս Վիչենծա գացին եւ քաղաքին պարիսպներէն դուրս գտնուող աւերակ վանքի մը մէջ ապաստանարան մը շինեցին: Հոգեւոր հարուստ օրեր եղան Իգնատիոսի համար. տեսիլքներ ունեցաւ եւ հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ ու մխիթարութեամբ լեցուեցաւ: Քառասուն օր անցնելէն ետք Իգնատիոս յետաձգեց իր առաջին պատարագը, որովհետեւ ինքզինք տակաւին պատրաստ չէր զգար: Ան տակաւին յոյս ունէր Երուսաղէմ երթալու եւ հոն առաջին պատարագը մատուցանելու:

Սեպտեմբերին Իգնատիոս իր ընկերակիցները Վիչենծա կանչեց, իրենց ապագայ ծրագիրներուն շուրջ խորհրդակցելու համար: Որոշուեցաւ, որ Իգնատիոս Հռոմ պիտի երթար եւ խմբակը պապին տրամադրութեան տակ պիտի դնէր: Իսկ մինչ այդ պիտի երթային Փատովա, Սիենա, Ֆերրարա եւ Պոլոնիա, այն քաղաքները ուր համալսարաններ կան եւ կրթական ու առաքելական գործունէութիւն պիտի ծաւալեն: Եթէ մէկը հարցնէր թէ ո՞վ են իրենք, պիտի ըսէին` Յիսուսի անուան ընկերակցութիւն են:

Իգնատիոս տէ Լոյոլա, Փիեռ Ֆաւրը  եւ Տիեկօ Լայնէս 1537 նոյեմբերին Հռոմ մեկնեցան: Տակաւին քաղաք չմտած, այցելեցին Լա Սթորթայի մատուռը: Իգնատիոս հոն տեսիլք մը ունեցաւ եւ Աստուած իրեն յաջողութիւն խոստացաւ Հռոմի մէջ: Երեք ընկերակիցները Պօղոս Գ. պապին ներկայացան եւ իրենք զիրենք անոր տրամադրութեան տակ դրին: Պապը, նկատելով որ անոնք համալսարանաւարտ աստուածաբաններ են, սիրով ընդառաջեց անոնց խնդրանքին: Փիեռ Ֆաւրը Աստուածաշունչ պիտի ուսուցանէր, Տիեկօ Լայնէս` աստուածաբանութիւն, իսկ Լոյոլա ազատ կացուցուեցաւ, իր հոգեւոր աշխատութիւնները պատրաստելու համար:

Իգնատիոս տէ Լոյոլա 1538-ի դեկտեմբեր 25-ի Ծնունդի առաւօտուն Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ եկեղեցիի մսուրին մէջ առաջին պատարագը մատուցեց:

***

Յիսուսեաններու կեդրոն Հռոմի իլ Ճեսու եկեղեցին

Իգնատիոս եւ իր ընկերակիցները 1539-ի Մեծ Պահքին միացան Հռոմի մէջ եւ սկսան խորհրդակցիլ, որոշելու համար իրենց ապագայ գործունէութիւնը: Քանի մը շաբաթ տեւած խորհրդակցութիւններէ ետք որոշեցին միաբանութիւն կազմել:

Պօղոս Գ. պապ 27 սեպտեմբեր 1540-ին վաւերացուց միաբանութիւնը Յիսուսի անուան ընկերակցութիւն անունով. պայման դրաւ սակայն որ առնուազն վաթսուն անդամ ունենան եւ ամէն տեղ նեցուկ կանգնին պապի սուրբ աթոռին:

Միաբանութեան կազմաւորումէն ետք որոշուեցաւ մեծաւորի ընտրութիւն կատարել: Գաղտնի քուէարկութեամբ Իգնատիոս մեծաւոր ընտրուեցաւ, բայց ան խնդրեց վերատեսութեան ենթարկել ընտրութեան արդիւնքը, աղօթել եւ քանի մը օր ետք կրկին քուէարկել: Երկրորդ գաղտնի քուէարկութեամբ կրկին Լոյոլա ընտրուեցաւ, բայց ան կրկին ընդդիմացաւ: Բայց իր ֆրանչիսկեան խոստովանահայրը ըսաւ որ ասիկա Աստուծոյ կամքն է: Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլ 1541-ին Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պատերէն Դուրս եկեղեցիին մէջ ընկերակիցները միաբանական իրենց ուխտը կատարեցին: Իսկ Զատկուան օրը, 24 ապրիլին Իգնատիոս տէ Լոյոլա ստանձնեց միաբանութեան ղեկավարութիւնը:

Իբրեւ միաբանութեան մեծաւոր, Իգնատիոս գիշերը ցերեկին խառնեց: Երկու փոքր սենեակներու մէջ, թուղթերու դէզերու, նամակներու եւ գիրքերու մէջ թաղուած` անխոնջ աշխատեցաւ, մոռնալով քուն ու հանգիստ: Խուան տէ Փոլանքօ իր քարտուղարն էր: Ննջասենեակը գրասենեակին կողքին էր: Անձնապէս հետեւելով իւրաքանչիւր միաբանակիցի գործունէութեան եւ հետապնդելով ամէն աշխատանք, ան պատրաստեց միաբանութեան սահմանադրութիւնը, դպրոցներ, քոլէճներ եւ տուներ բացաւ տարբեր քաղաքներու մէջ եւ ընկերակցութիւնը տարածեց աշխարհի չորս ծագերուն: Պատրաստեց նաեւ Մանրեսայի իր փորձառութենէն ծնունդ առած «Հոգեւոր վարժութիւններ»-ը, իսկ իր յուշերը գրել տուաւ Կոնչալվէշ տա Քամարայի: Իր ընտանեկան նշանաբանը` «Ատ մաժորէմ Տէի կլորիամ» (Աստուծոյ աւելի մեծ փառքին համար), դարձաւ միաբանութեան նշանաբանը:

Իգնատիոս տէ Լոյոլա նկարագրուած է իբրեւ երկաթեայ կամքի տէր, գործունեայ, խանդավառ, վեհանձն եւ բոլորէն սիրուած հոգեւորական:

Փարիզ ուսանողութեան շրջանէն Իգնատիոս ստամոքսի անհանգստութենէ կը տառապէր: Անհանգստութիւնը երբեմն լուրջ նեղութիւն կը պատճառէր եւ զօրաւոր խիթեր կը նեղէին զինք: Քանի մը անգամ ծանր հիւանդացաւ: 1556-ի ամրան առողջութիւնը վատթարացաւ: Այլեւս սպառած եւ ուժասպառ դարձած էր: Յուլիս 30-ի յետմիջօրէին Խուան տէ Փոլանքոյի թելադրեց Վատիկան երթալ եւ պապին օրհնութիւնը առնել իրեն համար: Փոլանքօ ըսաւ որ մեծաքանակ նամակներ ունի գրելիք այդ օր եւ յաջորդ օր կ՛երթայ: Կէս գիշերէն քիչ ետք Իգնատիոսի վիճակը վատթարացաւ. Փոլանքօ աճապարեց դէպի Վատիկան, պապին օրհնութիւնը առնելու, բայց շատ ուշ էր: Իգնատիոս չկրցաւ վերջին հաղորդութիւնը ստանալ եւ 31 յուլիս 1556-ի առաւօտուն «Աստուած… Աստուած» մրմնջելով վախճանեցաւ: Մարմինը Հռոմի Իլ Ճեսու եկեղեցիին մէջ ամփոփուեցաւ:

Պօղոս Ե. պապ 27 յուլիս 1609-ին երանելի հռչակեց Իգնատիոս տէ Լոյոլան, իսկ Գրիգոր ԺԵ. պապ 12 մարտ 1622-ին, Ֆրանսիսքօ Խաւիէի հետ սրբացուց զայն: Իգնատիոս տէ Լոյոլայի յիշատակը կը տօնուի յուլիս 31-ին:

***

Լոյոլաներու գերդաստանը տուաւ նաեւ անուանի շարք մը դէմքեր:

Ֆրանչիսկեան կրօնաւոր Մարթին Իկնասիօ տէ Լոյոլա (1550-1606) հռչակաւոր ճանապարհորդ եւ Ասունսիոնի եպիսկոպոսը եղաւ: Մարթին Կարսիա տէ Լոյոլա (1549-1598) 1592-ին Չիլէի կառավարիչը եղաւ եւ զոհուեցաւ բնիկ մափուչէներու ապստամբութեան ժամանակ: Քարլոս Տիաս Լոյոլա (1894-1968) չիլէցի բանաստեղծ է: Մարկոթ Լոյոլա (ծն. 1918) չիլէցի երգչուհի է: Խուան Լոյոլա (1952-1999) վենեզուելլացի դերասան է: Միկէլ տէ Լոյոլա (ծն. 1957) չիլէցի գրագէտ է:

Լոյոլաներու շառաւիղներ կան Սպանիոյ եւ Ամերիկեան ցամաքամասի տարբեր երկիրներու մէջ:

Լոյոլա դղեակը մինչեւ 1682 լոյոլաներուն կը պատկանէր, բայց յետոյ յիսուսեան միաբանութեան փոխանցուեցաւ եւ վերակառուցուեցաւ իբրեւ հոգեւոր կեդրոն. սրբատեղիին կեդրոնը պազիլիքան է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES