Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Հազարան Բլբուլ» Մանկապատանեկան Երաժշտախառն
Թատրոնի
Մրցում–Փառատօնը Սկսաւ

«Հազարան բլբուլ» մանկապատանեկան երաժշտական բեմադրութիւններու հանրապետական 2-րդ մրցում-փառատօնի երկրորդ հանգրուանը ընթացք առաւ 12 մայիսին, Համազգային պետական թատրոնին մէջ: Անիկա կը ծառայէ շնորհալի պատանիներուն տաղանդներու յայտնաբերման եւ անոնց ստեղծագործական միտքի զարգացման:

«Սփրին կրուփ» ընկերութեան մամլոյ պատասխանատու Մարիամ Սաֆարեանի համաձայն, 2013 թուականին մրցում-փառատօնին մասնակցելու համար արձանագրուած են 24 երաժշտական ներկայացումներ` Երեւանէն եւ մարզերէն:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ուսումնական բաժինի ղեկավար, երաժշտագէտ Նոնա Ոսկանեանը:

Մրցում-փառատօնի 2-րդ հանգրուանին առաջին օրը հանդէս եկան Երեւանի Ձայնի պահպանման վոքալ-երգչախմբային մասնագիտական դպրոցը, Արմաւիրի մարզի Արմաւիրի արուեստի պետական քոլեճը, Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ քաղաքի արուեստի դպրոցը, Երեւանի Հ. Դանիէլեանի անուան արուեստի դպրոցը:

Մրցում փառատօնը շարունակուեցաւ նաեւ 15-16 մայիսին. ապա դատական կազմը պիտի ընտրէ 6 լաւագոյն ներկայացումները: Յաղթող խումբերը 1-5 յունիսին հանդէս պիտի գան եզրափակիչ կալա- համերգով, որ պիտի կայանայ Գիւմրիի Ա. Աճեմեանի անուան պետական թատրոնին մէջ:

Այս տարի մրցում-փառատօնը կը կայանայ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, «Առաջ, երեխաներ» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութեան եւ «Մշակութային կրթութեան աջակցութեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: «Հազարան բլբուլ» մանկապատանեկան երաժշտական բեմադրութիւններու հանրապետական 2-րդ մրցում-փառատօնին գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը:

«Հազարան բլբուլ»-ը բնութեան զարթօնքի, գեղեցկութեան, արդարութեան եւ ներդաշնակութեան խորհրդանիշն է: Այս նախաձեռնութիւնը աշխարհն իրական գոյներով տեսնելու եւ այն աւելի գունեղ դարձնելու միջոցներից մէկն է: Երեխաների մէջ տաղանդի փնտռտուքը բխում է քաղաքակիրթ հասարակութեան շահերից եւ կարող է հրաշալի արդիւնք արձանագրել, երբ գործի դրուած ջանքերը նոյնքան հետեւողական լինեն, որքան` հայկական հեքիաթներում առասպելական թռչունին հասնելու նկարագրուող նպատակասլացութիւնը: Միջոցառումը շատերին կ՛օգնի փնտռել ու փայփայել իր մէջ ապրող երեխային եւ աշխարհը  դարձնել աւելի լուսաւոր», այս մասին խօսելով յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Սփիւռքահայ Ուսանողներ Այցելած Են
Ղարաբաղ
–Ազրպէյճան Սահմանագիծ

Պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանատարութեան աջակցութեամբ, բանակ-հասարակութիւն յարաբերութեան ամրապնդման ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնադրամին միջոցով Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Ռուսիայէն Արցախ գտնուող շուրջ 30 սփիւռքահայ ուսանողներու այցելութիւնը` երկրի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը:

Սփիւռքի տարբեր անկիւններէն ժամանած երիտասարդները այցելեցին նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծ եւ ծանօթացան մարտական հերթապահութեան իրականացման առանձնայատկութիւններուն:

Մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած նման այցելութիւններ կազմակերպուեցան նաեւ դէպի սահմանագիծի այլ հատուածներ, ուր ներգրաւուեցան հանրապետութեան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Հայաստանի Մէջ Պիտի Կառուցուի
Մանկական
Նոր Հիւանդանոց

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեան ընդունած է Հռոմի «Թոր Վերկատա» բժշկական համալսարանի նախագահ Ռենատօ Լաուրոյի ղեկավարած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի բարեսիրական առաքելութեամբ: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, ողջունելով հիւրերը, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը կարեւոր նկատած է նման հեղինակաւոր հաստատութեան ներկայացուցիչներուն Հայաստան տուած այցելութիւնը: «Ուրախ եմ, որ ներկայացնելով հեղինակաւոր ուսումնական հաստատութիւն եւ դարմանատուն, Հայաստանում էք գտնւում մեզ համար չափազանց կարեւոր` մանկական հիւանդանոց ստեղծելու առաքելութեամբ: Երեխաների առողջութեան պահպանումը Հայաստանում թիւ մէկ գերակայութիւն է, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը նման ծրագրերին մեծ կարեւորութիւն է տալիս», դիտել տուած է նախարար Դումանեան:

Ռենատօ Լաուրոն իր կարգին յայտնած է, որ իրենց այս ծրագիրը ծնունդ առած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Ռուբէն Կարապետեանին հետ կայացած շարք մը հանդիպումներու ընթացքին կատարուած խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ: Աւելի՛ն. այս ծրագիրի առնչութեամբ եռակողմ համաձայնագիր կնքած են «Թոր Վերկատա» համալսարանի նախագահը, «Դադիվանք» հիմնադրամի նախագահ Ռուբէն Կարապետեանը եւ «Անաստասիս» ընկերակցութեան նախագահ Ռիքարտօ Աքուիլան: Անդրադառնալով այն երեւոյթին, թէ ինչո՛ւ որոշուած է նման հիւանդանոց մը կառուցել Հայաստանի մէջ, Լաուրօ նշած է, որ նկատի առնուած է երկու երկիրներու երկարամեայ բարեկամութիւնը, Հայաստանի քրիստոնէութեան օրրան ըլլալը, ինչպէս նաեւ այն, որ հայերը շատ բան տուած են Եւրոպային ու մասնաւորապէս Իտալիոյ: «Այսօր Հռոմի մէջ աշխատող հազարէ աւելի բժիշկներէն շատեր յաջողած են իրենց ասպարէզին մէջ, նաեւ ոմանք արդէն ճանչցուած մասնագէտներ են»:

Պատուիրակութեան անդամները ընդգծած են, որ Հայաստանի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին եւս շեշտը կը դրուի արհեստավարժութեան եւ բարձր կարողութիւններուն վրայ: Անոնք Դերենիկ Դումանեանին յայտնած են, որ Երեւանի մէջ մանկական հիւանդանոցի կառուցման վայրը յստակեցնելէ քանի մը ամիս ետք արդէն իսկ ձեռնամուխ պիտի ըլլան միջոցներու հայթայթման: Հիւրերը նախարարին վստահեցուցած են, որ այս ծրագիրը համագործակցութեան նոր հեռանկարներ պիտի բանայ եւ բազմաբնոյթ այլ ծրագիրներու սկիզբ պիտի ըլլայ:

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է իտալացի գործընկերներուն` Հայաստանին համար բաւական օգտակար ծրագիրն ու հետագայ նախագիծերը մանրամասնօրէն ներկայացնելնուն համար: Ան հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ կառավարութեան կողմէ առողջապահութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրները, որոնց կարգին` մարզերուն մէջ ժամանակակից հիւանդանոցներ կառուցելու շարունակականութեան, ուռուցքաբանութեան զարգացման, համակարգի առաջնակարգ բաժանմունքները կրթական նպատակներով որպէս բժշկական համալսարանական կեդրոններ տրամադրելու վերաբերեալ:

Իտալական պատուիրակութիւնը` հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով ոսկրածուծի փոխպատուաստման հեռանկարին նկատմամբ, պատրաստակամութիւն յայտնած է յառաջիկային համագործակցիլ այդ, ինչպէս նաեւ դեղագործութեան ոլորտին մէջ: «Հիւանդանոցը, որ պիտի կառուցուի մեր կողմէ, պէտք չէ մրցի ձեր միւս բժշկական կեդրոններուն հետ: Սակայն մենք այդ կեդրոնին աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք, եւ ժամանակի ընթացքին անիկա  իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մանկաբուժութեան յառաջընթացին վրայ: Պարոն Բաբլոյեանին հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին գիտակցեցանք, որ այս երկրին մէջ հիմք կայ այդ մէկը ընելու», յայտնած է Լաուրոն:

Նախարար Դումանեանը հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Իտալիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին` նման աջակցութեան համար:  Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը:

Բնապահպանները Սկսած Են Բնական
Յուշարձաններու
Պահպանութեան Միացեալ Արշաւի

Հայկական բնապահպանական շարք մը կազմակերպութիւններ սկսած են միացեալ պայքարի` յանուն Հայաստանի բնական յուշարձաններու, պազալթէ սիւներու (ժայռերու) եւ անոնց յարող տարածքներու պահպանութեան: Նախաձեռնութեան մասնակից, բնապահպանական «Ափ թու ռոքզ» ակումբը կ՛առաջարկէ արգիլել ժայռերը մագլցիլը: Մայիս 15-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ափ թու ռոքզ» ակումբի ղեկավար Մխիթար Մխիթարեանը: «Մենք տարածել ենք յայտարարութիւն եւ մի շարք միջոցառումներով դէմ ենք հանդէս եկել: Այդ որոշումը հիմնուած է մի շարք փաստերի վրայ, որոնք խօսում են այն մասին, որ մագլցումը խաթարում է պազալթէ սիւների միջավայրի համակարգը եւ նրանց ամբողջական տեսքը», յայտնած է ան:

Մխիթարեանի կարծիքով, ժայռերը եւ պազալթէ սիւները  մագլցիլը ի սկզբանէ երբեք չէ նկատուած զբօսաշրջային թիրախ, քանի որ հաւաքական ու զանգուածային ըլլալէ ետք, անիկա անշուշտ պիտի փճացնէ ժայռերուն տեսքը: «Փրկենք Թեղուտը» եւ «Թռչկան» քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու գործիչ, իրաւաբան Մերի Խաչատրեանը բնապահպանական խնդիր նկատած է այն, որ Հայաստանի մէջ կարգ մը յուշարձաններ «անձնագրեր» չունին, աւելցնելով, որ օրէնքը հակառակը կը պահանջէ: «Իւրաքանչիւր յուշարձան պէտք է ունենայ «անձնագիր», իսկ դրանում ներառուած պէտք է լինեն նրանց նկարագիրը, սահմանները, աշխարհագրական դիրքը, պահպանման ձեւը եւ այլն: Բացառութիւն է կազմում միայն Թռչկանի ջրվէժը, ինչը 2012-ին Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան կողմից ստացաւ իր «անձնագիրը», նշած է Մերի Խաչատրեանը:

Երկրաբանական գիտութիւնների թեկնածու Մելիք Ադամեան առաջարկած է հայկական յուշարձանները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օգնութեամբ դարձնել համաշխարհային արժէք վայելող յուշարձաններ: Ան լուսարձակի տակ առած է այն փաստը, որ յուշարձաններուն համար միակ կարեւորը գեղագիտական արժէքն ու տեսարժանութիւնը չէ. անոնք պէտք է ունենան նաեւ գիտական արժէք: «Կարծում եմ, որ մեր յուշարձանները եւս պէտք է ներառուեն Կարմիր գրքում: Դա է միակ փրկութիւնը», յայտնած է Ադամեան` նշելով, որ նման հարցերով պէտք է զբաղի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկը:

Բնապահպանական կազմակերպութիւնները հայկական բնական յուշարձանները, Գառնիի ձորի ժայռի պազալթէ սիւները եւ այլ բնական արժէքաւոր կոթողները պաշտպանելու համար տարբեր քայլեր ու ձեւեր գտած են` հաւաքներ, իրազեկման նախաձեռնութիւններ:

Սաղմոսավանքի Մէջ Սկաուտները Խոստում Տուին

Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ) 90 երէց-պարմանուհիներ եւ արի-արենուշներ Սաղմոսավանքի մէջ հպարտութեամբ խոստում տուին եւ նուիրուեցան սկաուտութեան:

ՀԱՍԿ-ը 10 մասնաճիւղեր ունի տարբեր մարզերու մէջ: Էջմիածինէն, Գիւմրիէն, Աբովեանէն ու Երեւանէն Սաղմոսավանք եկած էին ոչ միայն անոնք, որոնք կը պատրաստուէին խոստում տալու, այլ նաեւ` կառոյցի բազմաթիւ սկաուտներ: Իսկ օրուան ընտրութիւնը` 9 մայիսը, պատահականութեան արդիւնք չէր: Շուշիի ազատագրութեան մասին Դրոյի գերեզմանին մօտ սկաուտներուն պատմեցին ազատամարտիկները, որոնք նաեւ պատասխանեցին տարազաւորներուն հարցումներուն:

Հայաստանի Զօրամասերուն Գիրքեր Կը Տրամադրուին

Հանրապետութեան զինուած ուժերու զօրամասերու գրադարանները ամէն տարի կը համալրուին հին ու նոր գիրքերով: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ գրադարանները նոր գիրքերով օժտելու իմաստով մեծապէս կ՛օժանդակեն տարբեր կազմակերպութիւններ: «Այդ հարցը լուծւում է հանրապետութեան մեծ գրադարանների եւ գիտական կառոյցների հետ համագործակցութեան արդիւնքում: Լինում են նաեւ նուիրատուութիւններ ու նոր գրքերի գնումներ», նշեց Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Անոր համաձայն, գրադարաններուն հասած նոր գիրքերը տարբեր գրական սեռի կը պատկանին: Զօրամասերուն համար կը գնուին գեղարուեստական, գիտական, պատմական եւ հասարակագիտական ուղղուածութիւն ունեցող գիրքեր: «Գրադարանների զգալի մասն ունեն մի քանի հարիւրից աւելի գրքեր, որոշները` մի քանի հազար», յայտնած է ան: Գրադարաններու յաճախակի թարմացման հիմնական պատճառներէն է նաեւ զինուորներուն պահանջկոտութիւնը:

Նախկին զինուորական ծառայող Յակոբ Վարդանեանն «Արմէնփրես»-ին հետ զրուցելով` բացատրած է, որ իրենք հիմնականօրէն կը հետաքրքրուին ֆետայական հերոսութիւններուն մասին գիրքերով: «Երբ ծառայողական ծանրաբեռնուածութիւնը մի քիչ թեթեւացաւ, գնացի զօրամասի գրադարան ու ընթերցանութեան համար վերցրի Ստեփան Պօղոսեանի «Ինձ բահ տուէք» փաստագրական վէպը: Լսել էի, որ գիրքը բաւականին լաւն է. վերցրի ու մի շնչով կարդացի այն», նշած է Յակոբ` աւելցնելով, որ նման գիրքեր իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան զինուորներուն բարոյահոգեբանական վիճակին վրայ: Ան նշած է նաեւ, որ երբեմն իրենք կը փափաքին կարդալ որոշ գիրքեր, որոնք սակայն չկան զինուորական կեդրոններու գրադարաններուն մէջ:

Վերջին շրջանին հայաստանեան զօրամասերու գրադարանները կը համալրուին նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած քայլերուն շնորհիւ: Ամենավառ օրինակը վերջերս տեղի ունեցած «Գրքի պանք» նախաձեռնութիւնն էր, որուն միջոցով հազարաւոր գիրքեր հաւաքուեցան` համայնքային եւ զինուորական գրադարաններու հարստացման նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES