«Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգ. իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը: Ուսումնական խորհուրդի անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանին կենսագրական գիծերը, որմէ ետք հրաւիրեց մրցանակակիրները, որոնք ստացան վկայագրեր, ինչպէս նաեւ նիւթական նուէրներ` տրամադրուած Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ:

Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Վարդ Զէյթլեան (Ազգ. Յառաջ-Գ.Կիւլպենկեան), երկրորդ` Դանիէլ Աւետիքեան (Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան), երրորդ` Շուշան Քէշիշեան (Հայ աւետարանական քոլեճ): Երկրորդականէն առաջին հանդիսացաւ Անուշ Թասլաքեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան), երկրորդ` Պետրոս Մանճիկեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), երրորդ` Նաթալի Մարկոսեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )