Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Թաւրիզահայ Մամուլը Եւ «Արտազ» (Զ.)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Պարսկահայ մամուլի անուններուն մեծ մասը լոյս տեսած է (ու կը տեսնէ) մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ:
Թաւրիզը կու գայ երկրորդ կարգի վրայ ու կը գրաւէ համեստ տեղ մը: Ցարդ 30-ի չափ հայերէն թերթեր կամ պարբերականներ հրատարակուած են այնտեղ, սկսեալ` 1904-էն:
Արդարեւ, թաւրիզահայ անդրանիկ լիիրաւ պարբերականը «Ազդարար Առաջնորդարանի» շաբաթաթերթն է, որ ինչպէս անունն իսկ կը յուշէ արդէն, Ատրպատականի թեմին պաշտօնական հրատարակութիւնը եղած է: Ունեցած է կարճատեւ կեանք մը, 1904-1905: Խմբագիր` Մաշթոց վրդ. Փափազեան (Արմաշու դպրեվանքին անդրանիկ շրջանաւարտներէն, հետագային` կարգաթող եւ Մեծ եղեռնի զոհ):
Ուրիշ անուններ են «Առաւօտ» շաբաթաթերթը (1909-1911, խմբ.` Հայրապետ Պանիրեան եւ Յովսէփ Յովհաննիսեան), առաջնորդարանի «Թաւրիզի Յայտարարութիւններ» պարբերականը (1910-1912), «Ղարադաղ» պատկերազարդ ամսաթերթը (1912-1914), «Այգ» լրագիրը (1914-1922, խմբ.` Մկրտիչ Սահակեան եւ Գասպար Յակոբեան), «Մինարեթ» շաբաթաթերթը (1919-1921) եւ այլն: Ինչպէս կը տեսնուի, բոլորն ալ` կարճատեւ եւ իրարու ժամանակակից: Ու բոլորին ալ տպագրութիւնը` Ատրպատականի թեմական տպարանին մէջ, որ ըստ Թէոդիկի «Տիպ ու տառ»-ին, հաստատուած էր ու կը բանէր 1903-էն ի վեր` իբրեւ իր տեսակին մէջ միակը:
Վերոյիշեալ բոլոր անուններուն քովն ի վեր կայ տակաւին 4 էջանի «Զանգ» շաբաթաթերթը, որ կը հանդիսանայ թաւրիզահայ մամուլին ամէնէն երկարակեացը: Լոյս տեսած է 1910-1922` իբրեւ Հնչակեան կուսակցութեան տեղական օրկանը: Անոր զոյգ խմբագիրները եղած են Ալեքսանդր Տէր Վարդանեան եւ Վ. Մարսեան (Վահան Ղուկասեան):
* * *
Ու հիմա մտնենք «Արտազ»-ի դաշտը…
Ձեռքի տակ ունինք այս ժամանակակից ամսագրին վերջին վեց թիւերը, հոկտեմբեր 2012-մարտ 2013:
Իբրեւ Ատրպատականի հայոց թեմի պաշտօնաթերթ` «Արտազ» առաւելաբար լրատու պարբերական մըն է: Մասնաւոր յօդուածներ չեն երեւիր անոր էջերուն վրայ, ինչպէս չեն երեւիր յօդուածագիրներու կամ խմբագիրի ստորագրութիւններ ալ, առհասարակ: Ատոր փոխարէն` ամբողջ ամսագիրը լրատուական միաձոյլ ամբողջութիւն մըն է, որուն մէջ այս փոքրաթիւ, բայց ընդարձակ թեմին եկեղեցական, համայնքային, մշակութային եւ կրթական կեանքին բազկերակը կը բռնէք` կենդանի ու գունաւոր պատկերներով:
«Արտազ»-ի էջերը կը տարուբերին 16-32-ի միջեւ:
Իւրաքանչիւր թիւ կը բացուի «Խմբագրական»-ով մը, որուն կը յաջորդեն լրատուական սիւնակները` ընթերցողը տանելով Թաւրիզէն Ուրմիա եւ Սալմաստ ու մինչեւ հեռաւոր կամ յաճախ անծանօթ վայրեր ալ, որոնց մասին մենք` արտասահմանի հայերս, դոյզն գաղափար անգամ չունինք:
Արդէն, պէտք է խոստովանիլ, որ Թաւրիզ սփիւռքահայ աշխարհագրութեան վրայ ինքնամփոփ, քիչ մը մեկուսացեալ գաղութ մըն է: Ճիշդ է որ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հիւսիսային Իրանի այս քաղաքին հայութեան մասին, այնուհանդերձ, ատիկա բաւականաչափ արձագանգ չի գտներ կարծէք հայկական ընդհանրական մամուլին մէջ: «Արտազ», այս իմաստով, կը կատարէ յոյժ գնահատելի դեր մը` թէ՛ ցոլարան մը հանդիսանալով Ատրպատականի հայ կեանքին, թէ՛ ալ ատոր արձագանգը համացանցային արագ ու ազդու միջոցով հասցնելով արտասահման:
«Արտազ»-ի թերթատումը մեզ գիտակ կը դարձնէ այն իրողութեան, որ ներկայիս Ատրպատականի թեմին տարածքին հայաշատ կամ հայաբնակ մնացեր են լոկ երկու քաղաքներ` Թաւրիզն ու Ուրմիան:
Ճշգրտօրէն չենք գիտեր, թէ ի՛նչ թիւ կը ներկայացնէ հայութիւնը այնտեղ:
Վարդան եպս. Տեմիրճեանի տուեալներով, բովանդակ Ատրպատականի հայութեան թիւը 1960-ականներու վերջերը կը հասնէր 20 հազարի, իսկ տասը տարի յետոյ այդ թիւը կծկուած էր արդէն 7000-ի շուրջ: Ու եթէ հաւատանք «Հայ սփիւռք» հանրագիտարանին (Երեւան, 2003), ապա Թաւրիզի հայութեան թիւը 1977-ի 6000-էն շեշտակի անկում կրեր էր յաջորդ տասնամեակներուն ու 2003-ին մնացեր էր շուրջ 2000 հոգի:
Ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլայ Ատրպատականի հայութեան թուային այժմու պատկերը, կը կարծենք, որ ան կը շարունակէ պահպանել իր աւանդական անեղծ դիմագիծը` ըստ կարելւոյն կանգուն ու առողջ պահելով այն բոլոր յենարանները, որոնք հարկաւոր են իրեն հայապահպանութեան սրբազան գործին մէջ:
Դեռ առ այսօր Թաւրիզի մէջ կը գործեն Ազգ. Սահակեան-Թամարեան դպրոցը, ՀՕՄ-ը` իր «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզով ու մանկանց երգչախումբով, Ղալա թաղամասի (Բերդաթաղ) Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին (1782 թ.), Լիլաւա թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցին (1845 թ.), «Կոմիտաս» երգչախումբը (խմբավար` Վարդան Վահրամեան), «Ալիք» հաստատութեան մասնաճիւղը, Արարատ կազմակերպութեան մասնաճիւղը, Հայ համալսարանականների միութիւնը եւ թերեւս այլ մարմիններ ալ, որոնց շուրջ համախմբուած կը մնայ գաղութը:
Իսկ Ուրմիոյ մէջ կը գործեն Ս. Ստեփանոս եկեղեցին (ԺԸ. դարէն) եւ Ազգ. դպրոցը (տեսչուհի` Ատրինէ Մեջլումեան): Կայ նաեւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ մը, որ կը պահէ սեփական մանկապարտէզ:
«Արտազ»-ի էջերը ցոյց կու տան մեզի, թէ համայնքին եկեղեցական ու ազգային կեանքը կ՛ընթանայ բնականոն կշռոյթով: Կրօնական տաղաւար տօները դեռ բազմութիւններ կը համախմբեն եկեղեցիներու մէջ, հերթաբար կը սարքուին մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներ:
Օրինակ, անցեալ տարուան հոկտեմբեր 12-ին Թաւրիզի մէջ մշակութային բազմամարդ հանդիսութեամբ մը նշուեր է Թարգմանչաց տօնը: Հայկական վարժարանի աշակերտները լայն մասնակցութիւն բերեր են հանդիսութեան: Բանախօսեր է Ազգ. դպրոցի տեսչուհի Արմինէ Վահրամեան: Ձեռնարկի ընթացքին նուէրներ բաշխուեր են հայերէնի դասերուն մէջ առաջնակարգ ուսանողներուն: Իսկ առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան շեշտը դրեր է գաղութին հայաբոյր դիմագիծին վրայ. «Հայ դպրոցն է, որ կենսունակ է պահում մի գաղութի կեանքը,- ըսեր է ան: – Հայ դպրոցով ապահովւում է մի թեմի, գաղութի, հայ հաւաքականութեան ապագան: Առանց հայ դպրոցի` մութ է մեր ազգային կեանքը ու խաւար: Հայ ժողովրդի ու հայ մշակոյթի յաւերժացման ուղին հայ դպրոցից է անցնում: Այս երեխէքը, այսօր թոթովող, երաշխիք են մեզ համար: Հոգ չէ թէ փոքրաթիւ ենք քանակով, սակայն որակով շատ աւելի բարձր, քան` մեծաթիւ դպրոցների աշակերտութիւնը: Մեր աշակերտների ասմունքը, երգը, արտասանած խօսքը, հաւաստիացնում են մեզ, թէ որակը բարձր է մեր դպրոցում»:
Նոյեմբեր 20-ին Ազգ. Սահակեան-Թամարեան դպրոցի գրադարանին մէջ բացումը կատարուեր է նորատիպ հրատարակութիւններու ցուցահանդէսի մը:
Դեկտեմբեր 24-ին ալ Ազգ. առաջնորդարանի սրահին մէջ բացուեր է թեմին մէջ պահպանուող ձեռագիր մատեաններու եւ հազուագիւտ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս մը` ի նշանաւորումն «Հայ գիրքի տարի»-ին: Այստեղ, ի միջի այլոց, ցուցադրուեր է նաեւ Թաւրիզի թեմական հին տպարանին ոտքով բանող մամուլը:
25 յունուար 2013-ին ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղը կազմակերպեր է «Սիրոյ երգերու համերգ» մը` յայտագրին մէջ ընդգրկելով հին ու նոր բազմաթիւ երգեր: Գլխաւոր մենակատարներն եղած են Նարինէ Սայադեան եւ Յովիկ Ղուկասեան:
Փետրուար 7-ին թէ՛ Թաւրիզի եւ թէ՛ Ուրմիոյ մէջ եկեղեցական ու աշխարհիկ ձեռնարկներով ոգեկոչուեր է Վարդանանց յիշատակը:
Փետրուար 9-ին «Արարատ» կազմակերպութիւնը խրախճանք սարքեր է Բարեկենդանի առիթով:
Մարտ 6-ին կայացեր է միջինքի աւանդական հաւաքոյթ մը` կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Եկեղեցիներու խնամակալ մարմինին: Նոյն առիթով հաւաքոյթներ սարքուեր են Ազգ. վարժարանին ու առաջնորդարանին մէջ ալ:
Մարտ 15-ին «Արարատ» կազմակերպութիւնը ձեռարուեստի, քաղցրեղէններու եւ խմորեղէններու տօնավաճառ մը բացեր է Զատկուան առիթով: Եւ այսպէս` շարունակաբար…
Ինչ կը վերաբերի զուտ եկեղեցական կեանքին, «Արտազ»-ի էջերը գունաւոր նկարներով ու մանրամասն լրատուութիւններով շատ յստակ պատկեր մը կը գծեն արդէն ի մասին այն աւանդապաշտ ու կարգապահ ոգիին, որով կը յատկանշուին Ատրպատականի հայոց Ս. Ծնունդն ու Տեառնընդառաջը, Աւագ շաբաթն ու Ս. Զատիկը, Ս. Յակոբայ եւ Ս. Սարգիսի տօները, Վարդանանցը…
Նկատելի է սակայն, որ թեմը կը տառապի հոգեւորականներու պակասէ: Առաջնորդանիստ Թաւրիզի մէջ, օրինակ, Չիֆթճեան վարդապետ բոլորովին միայնակ է, չունի օգնական քահանայ մը իսկ: Հետեւաբար, ամէն առթիւ ամէն տեսակ ծիսակատարութիւն, խորհրդակատարութիւն եւ պատարագ ի՛նք է, որ կ՛ընէ առանձինն… Այնպէս կը թուի (դատելով «Արտազ»-ի էջերէն), որ թեմին միակ քահանան Ներսէս քհնյ. Պասիլեանն է, որ կը պաշտօնավարէ Ուրմիոյ մէջ` իբրեւ տեղւոյն եւ շրջակայից հոգեւոր հովիւը:
Աւետարանական բնորոշումով` «Հունձքն առատ է եւ մշակները սակաւ»…
* * *
Իսկապէս հունձքը առատ է Ատրպատականի թեմէն ներս:
Հոս նկատի չունինք համայնքին թուաքանակը, այլ` այն մեծաթիւ (աւելի քան 250) հայկական հնամենի եկեղեցիները, վանքերը, մատուռներն ու ուխտատեղիները, որոնք ցանցնուած են թեմին երբեմնի հայաշատ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, նոյնիսկ` սարալանջերու կամ դաշտերու վրայ: Անոնց ցանկագրումն անգամ ճիգ ու գործ կը պահանջէ: Բան մը, որ բարեբախտաբար կատարեր է Տեմիրճեան սրբազան «Հասկ»-ի մէջ, 1967-ին:
Այս կոթողներուն հետ ամէն շփում մեր մօտիկ կամ հեռաւոր պատմութեան հետ սքանչելի հաղորդութեան առիթ է:
Առաջնորդ Չիֆթճեան վարդապետ մեզի ուղղեալ անձնական նամակի մը մէջ կը յայտնէր, որ այդ աղօթատեղիները «ամէնօրեայ խնամքի, ուշադրութեան եւ այցելութեան կը կարօտին: Հայաթափուած շրջաններուն մէջ, յատկապէս, հսկայ կալուածներ եւ հողային տարածութիւններ ունինք, որոնց վարձակալական խնդիրները կամ առուծախի հարցերը մեր օրակարգի ամէնօրեայ նիւթերն են»:
Հարցումը, որ կրնայ յաճախել մեր միտքը, հետեւեալն է.
– Թաւրիզահայութիւնը իր այժմու նկուն ուժերով եւ սահմանափակ կարելիութիւններով որքանո՞վ կրնայ տէր կանգնիլ իր պատմական ժառանգութիւններուն` այն բազմատասնեակ դարաւոր կոթողներուն, որոնք վերջին լուռ վկաներն են կարծէք հայկական Ատրպատականին:
Թերեւս ամբողջ իրանահայութեան ուժերէ՛ն ալ վեր է 250 եկեղեցիի կամ մատուռի լիարժէք յանձանձումը, պահպանումը, վերականգնումն ու վերապրումը: Ու կը կարծենք, որ այս հարցին մէջ շատ բարերար կրնայ ըլլալ օժանդակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան մարմիններուն, եթէ անշուշտ խելացի ու գործնական ծրագիր մը կեանքի կոչուի այս առնչութեամբ, մանաւանդ որ Ատրպատականը սահմանակից է Հայաստանին, իսկ Իրանի հետ ալ միջպետական յարաբերութիւնները ջերմ ու եղբայրական են…
Բայց ամէն բանէ առաջ` նախ պէտք է ճանչնալ այդ ժառանգութիւնը:
«Արտազ»-ի էջերուն մէջ, ահաւասիկ, ա՛յդ է, որ կը կատարուի:
Արդարեւ, ամսագրին ամէնէն շահեկան ու հետաքրքրական թերթօնը «Մեր ժառանգութեանց հետքերով» խորագրեալ սիւնակն է, ուր կը նկարագրուի առաջնորդ Չիֆթճեան վարդապետին եւ իր ընկերակիցներուն հերթական այցելութիւնները դէպի թեմին հայաթափուած գիւղերն ու քաղաքները: Այս այցելութիւնները կը կրեն թէ՛ քննական նկարագիր, թէ՛ ալ ուխտագնացութեան բնոյթ: Իսկ մեզի` ընթերցողներուս համար ատոնք պատմութեան հրաշալի դասընթացք մըն են:
Հալէպ
(Շար. 5)


