Թրիփոլիի Մէջ. Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթը
Կիրակի, 19 մայիս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Թրիփոլիի «Շաթեր Հասան» ճաշարանի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:
Ներկայ էին հիւսիսային Լիբանանի նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական կարկառուն դէմքեր, Թրիփոլիի եւ Մինայի քաղաքապետներ եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ թէ օտար հոծ բազմութիւն մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան, ապա արաբերէնով խօսք առաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շեշտը դրաւ շրջանի քաղաքական համերաշխութեան եւ մանաւանդ խաղաղութեան վրայ: Այնուհետեւ սրբազան հայրը Մինայի քաղաքապետ Մոհամետ Իսայի յանձնեց յուշանուէր մը` իբրեւ երաշխիք Թրիփոլիի հայութեան երախտագիտութեան այն բանին համար, որ օր մը առաջ` շաբաթ, 18 մայիսին, բացումը կատարուեցաւ Մինայի գլխաւոր պողոտաներէն մէկուն` անուանելով զայն «Արմենիա փողոց»: Առաջնորդ սրբազան հայրը այս գեղեցիկ արարքը գովաբանելով արաբ հիւրընկալ ժողովուրդին իր գնահատանքի ջերմ զգացումները փոխանցեց:
Ապա Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան վարժարանի երկարամեայ բարերար Հայկ Վարդապետեանին յանձնեց յուշանուէր մը` բարձրօրէն գնահատելով անոր ջերմ վերաբերմունքը Ազգային վարժարանի յաջողութեան եւ վերելքին նկատմամբ:
Խանդավառ եւ անմոռանալի ժամեր անցընելէ ետք, ուշ ժամերուն ներկաները դժուարութեամբ հեռացան այդ օրուան ուրախ մթնոլորտէն: