Մամլոյ 82-րդ Լսարան. Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի Գործունէութեան Ներկայացում Եւ «Տիգրան Մեծ` Հայրենապաշտ Տիրակալը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ին, երէկ` երեքշաբթի, 21 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 82-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի գործունէութիւնը»:
Զեկուցումը ներկայացուց հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան: Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, արուեստասէրներ եւ երիտասարդներ:
Կազմակերպիչներուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Գառնեշեան, որէ ետք խօսք առաւ դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին գործունէութիւնը, ծրագիրները եւ աշխատանքները: Ան նախ անդրադարձաւ հայաստանեան իրականութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն ունեցող համացանցային կայքէջերուն, ապա ներկայացուց հիմնարկի 9 կայքէջերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ նիւթը` Հայոց պատմութիւն, հնագիտութիւն, լեզու, կրօն, սփիւռք, մշակոյթ, Հայոց ցեղասպանութիւն եւ Ղարաբաղ:
Յովհաննիսեան հաստատեց, որ մասնագէտներէ կազմուած խումբը կը հսկէ կայքէջերու աշխատանքներուն, եւ այդ կայքէջերը ընդհանուր եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փնտռող անձերուն կը փոխանցեն համապատասխան գիտելիքներ: Ան աւելցուց, որ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը նաեւ ունի «Ֆէյսպուք»-ի եւ «ԵուԹիուպ»-ի իր էջերը, ուր կը տեղադրուին հիմնարկին մասին տեղեկութիւնները, տեսերիզներն ու նորութիւնները:
Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան յայտնեց, որ կայքէջերը եռալեզու են` հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Ան ըսաւ, որ հիմնարկը արդէն հրատարակած է երեք ատլաս` նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան, եւ այս ատլասներուն թուայնացած տարբերակները տեղադրուած են կայքէջին վրայ, ինչպէս նաեւ հիմնարկը սկսած է թուայնացած տարբերակով հրապարակել գիտական ամսագիր, որ կը կոչուի «Հայագիտական հետազօտութիւնների հանդէս»:
Խօսելով հիմնարկին մասին` դոկտ. Յովհաննիսեան ըսաւ, որ անիկա հիմնուած է 2008-ին, եւ անոր նպատակն է հասարակութեան ներկայացնել ընկերութեան հիմնախնդիրները` մատչելի եւ հասանելի ձեւով: Նորութիւններուն անդրադառնալով` զեկուցաբերը ըսաւ, որ 2014-ին լոյս պիտի տեսնէ օսմաներէնի հայերէն դասագիրք:
Զեկուցումէն ետք ներկաները շուրջ 50 վայրկեանի տեւողութեան դիտեցին Արտակ Մովսիսեանի պատրաստած «Տիգրան մեծ` հայրենապաշտ տիրակալը» գիտամատչելի փաստագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ Մեծն Տիգրանի իշխանութեան ժամանակահատուածը, քաղաքական եւ աշխարհագրական պայմանները, տիրակալութեան սահմաններն ու տիրակալին նկարագիրը, ինչպէս նաեւ անոր մասին հայ թէ օտար պատմագիրներու վկայութիւններն ու արժեւորումները:



