Օքլահոման Հարուածած Թաթառին Պատճառով 91 Զոհ Արձանագրուեցաւ
Ուժգին Թաթառ մը հարուածեց Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա քաղաքի արուարձանը` բազմաթիւ տուներ եւ երկու դպրոցներ հիմնայատակ քանդելով, ինչպէս նաեւ պատճառելով 91 զոհեր, ներառեալ` 20 մանուկներ:
Ապշահար օդերեւութաբանները հաղորդեցին, որ երեք քիլոմեթր տրամագիծով փոթորկահով մը հարուածած է շրջանը:
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի, առնուազն 145 անձեր հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուին:
CATEGORIES Միջազգային