Սուրիա-Իսրայէլ Լարուածութիւն Էրտողան Կը Քննադատէ Սուրիոյ Մէջ «Հըզպալլայի Արտաքին Միջամտութիւն»-ը

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ իր զինուորները երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշեր Կոլանի վրայ սուրիական կողմէն հրացանաձգութեան ենթարկուելէ ետք հակադարձած են: Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ «իսրայէլեան բանակը երկրին հիւսիսը վերջերս տեղի ունեցող միջադէպերուն առնչութեամբ մտահոգութիւն կը յայտնէ եւ շրջանին մէջ գործող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն բողոք ներկայացուց»:

Աւելի ուշ, սուրիական բանակը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` յայտնելով, որ իսրայէլեան բանակի մէկ մեքենան Կոլանի վրայ հրադադարի գիծը խախտելով մուտք գործած է սուրիական կողմ, որուն պատճառով իր ուժերը կրակ բանալով պայթեցուցած են զայն: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Իտրահի հերքեց, թէ իսրայէլեան բանակին պատկանող մեքենայ մը պայթեցուած է եւ պնդեց, որ անիկա միայն վնասուած է եւ անոր մէջ գտնուող անձնակազմը անվնաս մնացած է:

Մինչ Իսրայէլի ապահովութեան նախարարը զգուշացուց, որ «Իսրայէլ Կոլանէն իր ուղղութեամբ կատարուած հրացանաձգութեան առնչութեամբ լուռ պիտի չմնայ», Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարի օգնական Խալաֆ Մֆթահ լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «դէպի Իսրայէլ ուղղուած ռազմավարական զէնքեր ունինք, որոնք տակաւին չօգտագործուեցան»: «Սուրիա պատրաստ է Իսրայէլը դիմակայելու», ընդգծեց ան:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց զգուշացուց Իսրայէլի եւ զայն շրջապատող ճակատներէն մէկուն հետ զինուորական կացութեան անակնկալ վատթարացումէն: «Մենք ներկայիս կ՛ապրինք շատ զգայուն եւ պայթելու ունակ կացութեան մը մէջ, որ անակնկալ եւ անվերահսկելի կերպով կրնայ վատթարանալ», ըսաւ ան:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին կայքէջը հաղորդեց, որ Կանց նշած է, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Կոլանի բարձունքներուն վրայ Իսրայէլի դէմ ուղղուած գործունէութիւնը կը քաջալերէ»` զգուշացնելով, որ «եթէ Ասատ Կոլանի ճամբով Իսրայէլի դէմ այդպիսի գործողութիւնները քաջալերէ, ատոր գինը պիտի վճարէ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ «սուրիական հարցին գծով Իսրայէլի քաղաքականութիւնը յստակ է եւ հիմնուած սուրիական հողերուն վրայ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին չմիջամտելուն եւ անոր իսրայէլեան հողամասեր փոխադրուիլը արգիլելուն վրայ»:

Քուսէյրի Ճակատամարտ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատեց «սուրիական Քուսէյր քաղաքին տիրելու ճակատամարտին մէջ սուրիական վարչակարգի ուժերուն Հըզպալլայի կողմէ տրամադրուած զինուորական աջակցութիւնը»: Ան նշեց, որ այդ մէկը «իրապէս արտաքին միջամտութիւն է» եւ անուղղակի կերպով Իրանի ակնարկելով աւելցուց, որ «Սուրիոյ մէջ այլ ուժեր ալ կան եւ ոչ միայն Հըզպալլան»:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ աշխարհի լրատուամիջոցները «պէտք է յստակացնեն, թէ Սուրիոյ մէջ ներկայիս ո՛ր կազմակերպութիւնները կը գործեն եւ ո՛ր երկիրները անոնց կ՛աջակցին»: «Անոնք, որոնք Թուրքիոյ կողմէ սուրիական ընդդիմութեան տրամադրուած գումակային աջակցութիւնը արտաքին միջամտութիւն կը նկատեն, նոյն բանը չեն ըսեր ճակատամարտներուն մասնակից շարժումներուն միջամտութեան մասին», ըսաւ Էրտողան:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յայտնեց, որ «Արաբական լիկան բուռն կերպով կը դատապարտէ Քուսէյրի դէպքերը եւ Դամասկոսի կոչ կ՛ուղղէ բռնարարքները կասեցնելու»:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը երէկ առաւօտ սկսած է Քուսէյրի հիւսիսային թաղամաս ներխուժել: Սուրիական «Իխպարիյէ» պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ սպաննուած է Քուսէյրի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի ընդհանուր հրամանատար Ուարտան Զապուրին, որ ծանօթ է «Ապու Օմար» ծածկանունով, խումբ մը զինակիցներու հետ միասին: «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ Քուսէյրի մէջ զինուորական խորհուրդի փոխնախագահը սպաննուած է:

Արաբական լիկան երէկ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն օտար կողմերու ուղղակի կամ անուղղակի կերպով միջամտութենէն` սուրիական բոլոր կողմերէն պահանջելով ջանալ քաղաքական լուծումի մը հասնելու յարմար մթնոլորտ մը պատրաստել:

Նշենք, որ Արաբական լիկան երէկ պատուիրակներու մակարդակով ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար Քուսէյրի իրադարձութիւնները:

Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՛ուզէ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայել` նշելով, որ «Յորդանան կազմ ու պատրաստ է արտաքին միջամտութեան մը պարագային սուրիական հողերուն վրայ ստեղծուելիք որեւէ հետեւանք դիմակայելու»` շեշտելով, որ Յորդանան «Սուրիոյ դէմ որեւէ արարքի պիտի չմասնակցի»:

«Մենք պաշտպանական զէնքերու կարիք ունինք եւ կ՛ողջունենք «Փաթրիոթ»-ներուն տեղակայումը` պաշտպանելու համար մեր օդային տարածքը որեւէ յարձակումէ, ո՛ր կողմէն ալ ըլլայ անիկա», ըսաւ Յորդանանի վարչապետը:

«Ժընեւ-2»

Եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ «Դամասկոս ընդդիմութեան հետ հաւանական բանակցութեան մասնակից պաշտօնատարներուն ցանկը ներկայացուց»: Աղբիւրները նշեցին, որ ցանկը կը ներառէ «Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի, տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպիի, փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլի, ազգային հաշտութեան նախարար Ալի Հայտարի եւ նախարար Ժոզեֆ Սուէյտի անունները»:

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, որ «սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը կը պատրաստուին «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու»:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքժի նշեց, որ Իրանի «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովին մասնակցութեան հրաւէր ուղղուելուն պարագային Թեհրան «հրաւէրը դրական կերպով պիտի քննարկէ»:

Մոսկուայի մէջ դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յետաձգուի` նշելով, որ խորհրդաժողովին վերջնական թուականը ճշդելու շուրջ «կացութիւնը չէ կայունացած»:

Աղբիւրները յայտնեցին, որ «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի յառաջիկայ շաբաթ Մոսկուա այցելութեան կը սպասէ` այդ հարցին շուրջ անոր հետ խորհրդակցելու համար, իսկ նախապէս ամերիկեան կողմէն խնդրած էր Մատրիտի եւ Պոլսոյ մէջ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հետ իր հաղորդակցութիւնները շարունակել նոյն հարցը քննարկելու համար»:

Աղբիւրները նշեցին, որ խորհրդաժողովի իբրեւ նախնական թուական ճշդուած էր 14 յունիսը, սակայն աղբիւրները չբացառեցին, որ խորհրդաժողովը յետաձգուի Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ 17 յունիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )