Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Անմիջապէս Կատարելու
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող զարգացումներ:
Նիստին ընթացքին Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները անմիջապէս կատարելու անհրաժեշտութիւնը` վերադարձնելու համար սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց իր կառչածութիւնը Մուսթաքպալ հոսանքին, Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն եւ անկախ երեսփոխաններուն կողմէ ներկայացուած խառն ընտրական օրինագիծին եւ պահանջեց զայն քննարկել խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի` վերջ տալու Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութեան:

