Միքաթի Ընդունեց Բրիտանիոյ Եւ Թուրքիոյ Դեսպանները
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն ընկերակցեցաւ Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկի պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող ահաւոր իրադարձութիւնները եւ սուրիական տագնապին վատթարացումը:
Ֆլեչըր նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն հեռու պահել, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել Սուրիոյ պատերազմին Լիբանան հասնելու կարելիութիւնը:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները: Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


