Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Ընտրուեցաւ Եւրոպական-Միջերկրականեան Երկիրներու Համագործակցութեան Խորհուրդի Նախագահ
13 մայիսին Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եւ միջերկրական երկիրներու վիճակագրական կեդրոններուն տնօրէններու համագումար:
Դոկտ. Մարալ Կիտանեան, որ կը ներկայացնէր Լիբանանը, ընտրուեցաւ Եւրոպական-միջերկրականեան երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի նախագահ:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայ անձնաւորութիւն մը կը ստանձնէ Լիբանանի համար յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող նման պաշտօն մը:
CATEGORIES Լիբանանեան


