«Եթէ Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Չվաւերացուի Կամ Խորհրդարանին Նստաշրջանը Չերկարաձգուի, Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին 1960-ի Օրէնքին Հիման Վրայ» Շեշտեց Զօր. Աուն

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին հերթական նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ եթէ ընտրական նոր օրէնք մը չվաւերացուի կամ խորհրդարանին նստաշրջանը չերկարաձգուի, ապա Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ` 16 յունիսին:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Պէյրութի խորհուրդին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք նշեց, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանի երկարաձգումը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին ինչ օրէնքի հիման որ ալ կատարուին այդ ընտրութիւնները:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն կարելի պիտի չըլլայ գոյացնել, որովհետեւ լիբանանեան բոլոր ուժերը կը գործեն իրենց շահերուն ի խնդիր:

Ռապիէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մեսուտ Աշքար, որ մաղթեց մշակել հաւասարութիւն ու արդարութիւն պարտադրող ընտրական օրէնք մը. այցելուներուն շարքին էր նաեւ Ֆայսալ Տաուտ, որ շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES