Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Լիբանանցիներուն Սուրիոյ Բախումներուն Մէջ Չներքաշուելու Եւ Հետեւելու «Պաապտայի Յայտարարութեան»

Սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Աքքարը թիրախ դարձնող ռումբերը, որոնց պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն Սուրիոյ բախումներուն մէջ չներքաշուելու եւ հետեւելու «Պաապտայի յայտարարութեան»` պահպանելով չէզոք կեցուածքը, որ կ՛ապահովէ Լիբանանի ներքին, քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանցիները ունին շարք մը սահմանադրական ժամկէտներ, որոնք հիմնական են լիբանանեան ժողովրդավարութեան կարգերուն պահպանումին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը Միքաթիի ներկայութեամբ նախագահեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող նիստի մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն դիմագրաւած տագնապը եւ անոնց մատուցուելիք օժանդակութիւնները:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ, որմէ իմացաւ Լիբանանի մէջ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ պարփակող շրջաններուն մասին եւ քննարկեց այդ շրջաններուն մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու միջոցները:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց ելեւմուտքի նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ասաատ Հարմուշ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES