Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Սաստիկ Բախումները Պատճառեցին Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Թրիփոլիի մէջ երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրած զգուշաւոր հանդարտութենէն ետք, երէկ կէսօրէ ետք վերստին բռնկեցան Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները, որոնք քիչ անց վերածուեցան հրասանդերով փոխադարձ ռմբակոծումներու:

Թրիփոլիի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակին զրահապատներէն քիչ անդին կանգնած էին զինեալները, որոնք կը շարունակէին իրենց կրակոցները:

Թրիփոլիի անցուցած արիւնալի գիշերէ մը ետք, երբ բանակը յաջողեցաւ դիրքաւորուիլ Պապ Թըպպանէի մէջ, դարձեալ բռնկեցան բախումները եւ պատճառեցին զոհեր, վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ քանդում:

Արձակազինութեան պատճառով վիրաւորուեցան նաեւ բանակի երկու զինուորներ:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտնած էր, թէ Պապ Թըպպանէի կողմէ սկսած կրակոցներուն պատճառը Սուրիոյ Քուսէյր քաղաքին մէջ տիրող ճակատամարտն է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չհակադարձեն, այնքան ատեն որ բանակը կը պաշտպանէ զիրենք:

Սակայն աւելի ուշ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ Դիմատետրի իր էջով յայտարարեց, որ Ժապալ Մըհսեն լուռ պիտի չմնայ Պապ Թըպպանէի դիմաց եւ պիտի հակադարձէ կրակոցներուն ու ռմբակոծումներուն: «Պապ Թըպպանէի դէմ ճակատը բաց կը յայտարարենք», նշեց Իտ:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ յայտնեց, որ իրենք բաւական երկար համբերած են եւ չեն հակադարձած Թըպպանէի կողմէ արձակուած կրակոցներուն, սակայն բանակին վերաբերմունքը եւ անոր կողմէ Պապ Թըպպանէ մուտք գործելու անկարող վիճակը եւ բանակին դէմ Պապ Թըպպանէի զինեալներուն յարձակումը զիրենք մղած են պատասխանելու եւ հաստատելու, որ Ժապալ Մըհսենի վրայ բարձրացող ձեռքը պիտի կտրեն:

Սալեհ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը հանրապետութեան նախագահին պատասխանատուութիւնն է: Ան աւելցուց, որ իրենք լիբանանեան բանակին դէմ չեն լարուած, սակայն Ժապալ Մըհսենի մէջ եւս կան բնակիչներ, որոնք ահ ու սարսափի մատնուած են:

Սալեհ շեշտեց, որ իրենք պիտի ենթարկուին բանակին հրահանգին եւ պիտի հսկեն քաղաքացիական ապահովութեան:

Միւս կողմէ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն զգուշացուց հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութենէն եւ ապահովական խախտումներէն, որոնք ամբողջ երկրին ապահովական կայունութիւնը կը խախտեն:

Ղոսըն շեշտեց, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ բանակին դէմ յարձակումը խստիւ դատապարտելի է եւ անոր շարքերուն մէջ արձանագրուած զոհերուն ու վիրաւորներուն արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի: Ան աւելցուց, որ բանակին դէմ կատարուած յարձակումը անոր դէմ նախապէս կատարուած ցեխարձակումներուն, անոր դէմ գրգռիչ յայտարարութիւններուն եւ հաղորդագրութիւններուն հետեւանքն է:

Ղոսըն հաստատեց, որ բոլոր անոնք, որոնք բանակին դէմ նման արշաւի ձեռնարկած են, կը սխալին, եթէ կը կարծեն, թէ բանակը պիտի արտօնէ քաղաքին ապահովութիւնը խախտել:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ զարմանք յայտնեց, որ բանակը երեսփոխաններուն հովանիին կը կարօտի. ան խստիւ քննադատեց երեսփոխանական սեղմ յանձնախումբին աշխատանքները եւ ընտրական օրէնքին մշակման համար կատարուող աշխատանքները` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ կարելի չէ ֆութպոլի խաղ մը կազմակերպել, «ապա ինչպէ՞ս կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել», հարց տուաւ ան:

Քարամէ խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ կատարուած յարձակումները եւ մերժելի նկատեց այդ արարքը:

Share this Article
CATEGORIES