«Եթէ Մահացածները Կրնան Քուէարկել, Ինչո՞ւ Թոշակ Չստանան» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիեան
«Եթէ մահացածները կրնան քուէարկել, ինչու՞ թոշակ չստանան: Եթէ այդ մարդոց կարելի է օգտագործել, որ դուք մնաք իշխանութեան գլուխը, ինչո՞ւ կարելի չէ անոնց օգտագործել այլ ուղղութեամբ: Այդ պարագային ի՞նչ ըրած է Խաչիկեանը», երէկ Ազգային Ժողովի իր ելոյթին ժամանակ յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան` անդրադառնալով նախանցեալ օր վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կատարած այն հաւաստիացումներուն, թէ կառավարութեան բոլոր այն անդամները, որոնք կը սխալին կամ անարդարութիւններ կը գործեն` կը պատժուին, օրինակ` Վազգէն Խաչիկեանը:
Անդրադառնալով կառավարութեան ծրագիրին եւ տարբեր հիմնախնդիրներուն, որոնց այդ ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է խորհրդարանին մէջ, Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ անիմաստ է խօսիլ այս ծրագիրին, խնդիրներուն մասին: «Մենք կը քննարկենք մեր իշխանութեան որակը: Իսկ մեր իշխանութիւնը բացայայտ կ՛ըսէ` ամէն ինչ պիտի ընենք իշխանութեան գլուխը մնալու համար: Շատ արագ կը յառաջանայ հարց մը: Բայց չէ՞ որ իշխանութեան գլուխ մնալու համար դրական բաներ չեն գործածուիր: Ուրիշ միջոցներ ալ կան, օրինակ` բռնութիւնը»:
«Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան գաղափարախօս Գալուստ Սահակեան իր ելոյթներէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ ձեզմէ լաւը չկայ: Հաւանաբար կառավարութիւնը այդ խօսքերը լուրջ նկատած է: Դուք փաստեցէ՛ք, որ դուք ամենավատը չէք: Որովհետեւ նախորդ բոլոր կառավարութիւնները, որ ժամանակին քննադատուած են, ձեր խորապատկերին վրայ կը դառնան աւելի մաքրուած», յայտարարեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը:

