«Միտըլ Իսթ» Օդանաւային Ընկերութեան Պէյրութ – Երեւան Թռիչքները Պիտի Սկսին 5 Յուլիսին
Մօտ օրէն պիտի վերսկսին Պէյրութ – Երեւան ուղղակի թռիչքները, որոնք դադրած էին «Արմաւիա»-ի սնանկացման պատճառով: «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ»-ը արդէն աւարտած է բանակցութիւնները Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն հետ եւ որոշուած է կատարել թռիչքները: «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ»-ի առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ 5 յուլիսին:
«Արմաւիա»-ի սնանկութենէն ուղղակի թռիչքներու դադրելէն ետք Երեւանէն Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ կարելի էր փոխադրուիլ Տուպայի վրայով:
Նշենք, որ նախատեսուած է շաբաթը երկու թռիչք, որոնք կ՛իրականանան յարմար ժամու` երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
«Միտըլ Իսթ»-ի` դէպի Երեւան թռիչքներ իրականացնելը քանի մը նշանակութիւն ունի. առաջինը այն է, որ ասիկա օգտակար պիտի ըլլայ լիբանանահայ համայնք-հայրենիք կապերու յաւելեալ աշխուժացման:
Երկրորդ` Միջին Արեւելքը յայտնուած է ճգնաժամային պայմաններու մէջ. Սուրիոյ մէջ գրեթէ առկախուած են թռիչքները եւ Պէյրութը` իբրեւ Երեւանի հետ օդային կապ, այս պահու դրութեամբ պիտի ստանայ ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն:
Երրորդ` Թուրքիան վերջերս աշխուժ ներկայութիւն կը ցուցաբերէ շրջանին եւ Լիբանանի մէջ: Շաբաթը քանի մը անգամ թռիչքներ կ՛իրականացուին Պէյրութէն դէպի Թուրքիա. այս առումով պէտք է աշխուժացնել Պէյրութ – Երեւան օդային կապը, որ հեռանկարային առումով ոչ միայն լիբանանահայերու, այլ նաեւ լիբանանցիներու համար ըլլայ համալիր ծրագիր եւ յատուկ քաղաքականութիւն ի գործ դրուի լիբանանցիներուն համար` Երեւանը գրաւիչ դարձնելու եւ անոնց այցելութիւնը դէպի Հայաստան աշխուժացնելու համար:

