Արցախի Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ Վլատիմիր Գասպարեանի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ Արցախի  ոստիկանապետ Կամօ Աղաճանեան,  քննարկուեցան իրաւապահ մարմիններու աշխատանքին եւ այդ մարզին մէջ Հայաստանի ու Արցախի ոստիկանութիւններուն միջեւ  համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման վերաբերող տարբեր հարցեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES