Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ կարծէք, որ ճակատագիրը կրնայ դիւրացնել ձեր պարտականութիւնը: Պէտք է ապաւինիք ձեր անձնական կարողութեան եւ ձեր երջանկութեան: Օրը ունի լաւ պահեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ժամանակը պիտի անցընէք ուրիշներուն մասին մտածելով: Քիչ մըն ալ ձեր անձին մասին մտածեցէք, որպէսզի յաջողիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքները դասաւորեցէք յստակ ժամանակացոյցով. այսպիսով կրնաք յաւելեալ ժամանակ ապահովել ձեր անձնականին համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամբողջ օրը յատկացուցէք ձեր ֆիզիքական առողջութեան նպաստող մարզանքով: Շատ պիտի օգտուիք, մի՛ ձանձրանաք: Օրը լաւ է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ոչինչ հարցերը կը վերածէք դժուար եւ ծանրակշիռ հարցի: Դադրեցէք անօգուտ մտածումներ ունենալէ, մնացէք իրապաշտ, լաւատես:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ ձեզի պիտի ապաւինին հարցերը լուծելու համար: Դիւրին պարտականութիւն չէ այս, բայց պիտի կարենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մտածում մը ձեզ պիտի առաջնորդէ լաւ գաղափար մը ունենալու, որ նոյն ատեն յստակ որոշում մը պիտի ըլլայ: Ձեր միտքը մի՛ փոխէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր անձին վրայ վստահութիւն պիտի ունենաք, ինչ որ պիտի նպաստէ օրուան ծրագիրներու յաջողութեան: Ինքնավստահ եղէք միշտ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծառայութիւն կատարեցէք ուրիշներուն, սակայն` առանց մոռնալու ձեր ընելիք աշխատանքները: Մտածեցէք երկուքին մասին լաւ ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բարեկամութիւն մը կասկածելի պիտի թուի ձեզի, հետեւաբար մտերմութիւնը չէզոքացուցէք, մնացէք պաշտօնական: Այս է ձեւը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ արդէն տուած էք ձեր փորձը, թէ լաւ աշխատած էք, հետեւաբար նոր փորձեր մի՛ կատարէք անիմաստ կերպով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խօսակցութիւնները լաւ ճամբու վրայ են, ունիք օգտաշատ գաղափարներ: Ձեր միտքերէն պիտի օգտուին նաեւ ձեր շուրջինները եւ պիտի գնահատուիք ու վարձատրուիք:

