50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1963)

Հայաստանի
Անկախ
Հանրապետութեան
Դրոշմաթուղթերը

Ջարդերու, սովի, կողոպուտի մատնուած Հայաստանը շնորհիւ իր աննման ժողովուրդին անխորտակելի կամքին ու դիւցազնական հերոսութեան, դարերու երազը իրագործեց 28 մայիս 1918-ին, հայրենի հողին վրայ բարձրացնելով անկախութեան դրօշը:

Նորակազմ կառավարութեան առաջին գործը եղաւ` իբրեւ ազատ անկախ պետութիւն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակել օտար անկախ պետութիւններու հետ` դեսպանութիւններ եւ հիւպատոսարաններ հաստատելով. իբրեւ արդիւնք, ան ունեցաւ իր սեփական դրամն ու դրոշմաթուղթը, մեսրոպատառ գիրերով եւ հայրենի տեսարաններ ներկայացնող:

Զանազան արժէքի 10 նամակադրոշմներու շարք մըն է երեք տարբեր պատկերներ ներկայացնող. հինգ հատը Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը կը ներկայացնեն, հեռուները դիտող սէգ արծիւ մը, լայն թեւերը տարածած, մագիլներով երկար սուր մը բռնած, թաթերուն առջեւ երկուքի բաժնուած օձ մը գալարուն վիճակի մէջ: Առաջինը սրճագոյն է եւ կ՛արժէ 1 ռուբլի. վրան հայերէն գրուած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն». իսկ վարը եւրոպական տառերով Արմինիա կը կարդաք:  Երկրորդը կանաչ է եւ կ՛արժէ 3 ռուբլի: Երրորդը` կարմիր` 5 ռուբլի: Չորրորդը կապոյտ` 10 ռուբլի: Հինգերորդը մանիշակագոյն` 15 ռուբլի: Վեցերորդը եւ եօթներորդը աւանդական իլիկին առջեւ նստած հայ մամիկը կը պատկերացնեն. 40 ռուբլի արժողը նարնջագոյն է, մանիշակագոյնը 70 ռուբլի կ՛արժէ: Հուսկ կան «Յաւիտենական Արարատ»-ը ներկայացնող երեք վերջին նամակադրոշմները 25 (կանաչ), 50 (կապոյտ) եւ 100 (կարմիր) ռուբլի արժէքով:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանի դրոշմաթուղթերը հոս կը վերջանան, տեղի տալու համար Խ. Հայաստանի լոյս ընծայած շարքերուն, որոնք աւելի այլազան եւ առատ են բնականաբար:

ՅԻՊԷ

«Ընտանիք»

 

Հայկական Կեանք

Վալանսի Հայ Գաղութը

Հարաւային եւ Կեդրոնական Ֆրանսայի գրեթէ սահմանին վրայ կը գտնուի Վալանս քաղաքը` 47 հազար բնակչութեամբ:

3500 հայեր, մեծ մասամբ խարբերդցիներ, կը կազմեն հայ գաղութը եւ հասած են բարեկեցիկ դիրքերու:

Վալանսէն երեք քիլոմեթր հեռու, Մալատիր կոչուած արուարձանի երկյարկանի տուներուն մեծ մասը կը պատկանի հայերուն, որոնք ընդհանրապէս խանութներու եւ հաստատութիւններու տէրեր են: Կան նաեւ լաւ վճարում ստացող հին արհեստաւորներ:

Գաղութը ունի Ազգային միութիւն մը:

Իւրաքանչիւր համայնք` լուսաւորչական, կաթողիկէ եւ բողոքական ունի իր եկեղեցին, դպրոցը եւ հաւաքատեղին:

ՀՅԴ-ի նոր սերունդը եւ Ֆրանսայի կապոյտ խաչի տեղական մասնաճիւղը կը կազմակերպեն ազգային ու կուսակցական տօներ եւ կը մասնակցին գաղութի համազգային ձեռնարկներուն:

Համերաշխ մթնոլորտ մը կը տիրէ գաղութին մէջ:

 

Գեղեցիկ Ժեսթ Մը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ ստացած է այժմ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Աշոտ Հաճեանէ 150 տոլարի գումարը:

Պուլկարահայ Հաճեան ընտանիքի զաւակները մինչեւ իրենց Միացեալ Նահանգներ մեկնումը եղած են Օգնութեան խաչի սաները Ճեմարանի մէջ: Այժմ յուզիչ նամակով մը, անմիջապէս որ կարելիութիւն ունեցած է, ազնիւ հայորդին վերոյիշեալ գումարը ուղարկած է, որպէսզի ուրիշ կարօտեալ հայ տղաք անուս չմնան: Գեղեցիկ եւ մանաւանդ օրինակելի ժեսթ մը անկասկած, որ ոչ միայն գործնապէս կ՛արտայայտէ ենթականերուն երախտագիտական զգացումները, այլեւ առիթ կու տայ, որ այլ սաներ եւս պահուին, իրենց նեղ օրերուն ձեռք երկարած կազմակերպութեան կողմէ` գոհունակութիւն պատճառելով բոլորին:

 

Share this Article
CATEGORIES