Այլազան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ի՞նչը Կ՛երջանկացնէ Բրիտանացի Կիները

Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ բրիտանացի կիները երջանկացնելը այդքան ալ դժուար չէ, անոնց երազները անհասանելի չեն:

Արդարեւ, հարիւր կիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ առաջին տեղը կը գրաւէ բարձր ջերմուժ պարունակող, քաղցր ուտելիքներ ճաշակելը, ապա`

– Շաբաթը անգամ մը տունէն դուրս ուրախ ժամանակ անցընելը:
– Մէկ նստելով` տուփ մը տուրմ ուտելը:
– Արձակուրդի օրերու անգործութիւնը:
– Սիրած տղամարդուն հետ վիպային հանդիպում մը:
– Հետաքրքրական գիրքի մը ընթերցումը:
– Ծաղիկ գնելը:
– Յայտնի վաճառանիշով հագուստ գնելը:

– Մարձումը:

Քիուին Կը Բարձրացնէ Տրամադրութիւնը

Քիուին ոչ միայն համեղ է, այլ նաեւ` շատ օգտակար: Վերջերս կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ քիուին նկատելիօրէն կրնայ երկարացնել կեանքի տեւողութիւնը:

Նարինջէն եւ կիտրոնէն աւելի Սէ. կենսանիւթ պարունակող այս պտուղին պարբերաբար օգտագործումը կը բարձրացնէ մարմնին մէջ առկայ երջանկութեան հորմոններու քանակը, ինչ որ կը նպաստէ բարձր տրամադրութիւն ունենալուն:

Արեւադարձային այս պտուղը կը կարգաւորէ արեան ճնշումը, կ՛օգնէ երիկամներու, ստամոքս-աղիքային, սիրտ-անօթային եւ շնչառական համակարգերու բնականոն աշխատանքին:

Վերոյիշեալ հետազօտութիւններուն համաձայն, քիուիի տեւական օգտագործումը կ՛աւելցնէ մարդու կեանքի տեւողութիւնը: Քիչ քանակութեամբ ջերմուժ պարունակող այս օգտակար պտուղը կարելի է առատօրէն ուտել, նոյնիսկ եթէ նիհարցնող սննդականոնի կը հետեւինք:

Ոսկեայ Զարդերը Կրնան Վնասել Առողջութեան

«Կլոպըլ Սայընս»-ի համաձայն, ոսկեայ զարդեղէնները ունին խթանող ազդեցութիւն` բացասաբար ազդելով աշխուժ ջղային համակարգ ունեցող մարդոց վրայ:

Գիտնականները կը բացատրեն, որ ոսկին մարդուն մարմնին մէջ կը խթանէ գրգռուածութեան վիճակը, որ իր կարգին կ՛առաջնորդէ դէպի հոգեկան անկում: Այս իսկ պատճառով գիտնականները կը մտածեն, որ ոսկեայ զարդեր կրելը որոշ մարդոց համար հակացուցուած է: Այսպէս, զգացական մարդիկ ոսկի ընդհանրապէս պէտք չէ կրեն:

Նոյն գիտնականները խորհուրդ կու տան, որ լուսնոտութենէ տառապողները զերծ մնան ոսկեայ զարդեր կրելէ, քանի որ այս մետաղը անոնց մօտ կրնայ տագնապներ պատճառել:

Ինչո՞ւ Անհրաժեշտ Է Եփել Լոլիկը

Գիտնականներ կը հաստատեն, որ եփած լոլիկը շատ աւելի օգտակար է քաղցկեղը կանխարգիլելու իմաստով, քան` թարմը: Ճիշդ է, որ եփի պատճառով կը նուազին անոր պարունակած կենսանիւթերու քանակը, բայց փոխարէնը կ՛աւելնայ լիքոփենի (լոլիկի իւրայատուկ կարմիր գոյնը պայմանաւորող նիւթ) քանակը եւ իւրացումը: Լիքոփենը զօրաւոր հակաօքսիտան է, կը պաշտպանէ անօթները, կը պայքարի բջիջներու ծերացման դէմ, կ՛արգիլէ չարորակ ուռուցքներու յառաջացումը:

Գիտնականներու կարծիքով, ճաշի կամ ընթրիքի ժամանակ աման մը ապուր ուտող անձերը 25 առ հարիւր նուազ ջերժում կը ստանան, քան անոնք, որոնք ճաշը կը սկսին ուրիշ կերակրատեսակով:

Առողջութեան Ամէնէն Օգտակար Բանջարեղէնը

Ամերիկացի սննդագէտներու կարծիքով, ծաղկակաղամբը այն միակ բանջարեղէնն է, որ իր մէջ կը պարունակէ մեր մարմնին անհրաժեշտ բոլոր կենսանիւթերն ու հանքայինները:

Անոնց կարծիքով, 50 կրամ ծաղկակաղամբը իր մէջ կը պարունակէ Սէ. կենսանիւթի օրական անհրաժեշտ չափաբաժինը, նաեւ` մեծ քանակութեամբ Ա. եւ Պէ. կենսանիւթ, որոնք շատ օգտակար են մորթի, բայց նաեւ ջղային եւ սրտանօթային համակարգերուն համար:

Ծաղկակաղամբը նաեւ հարուստ է` մակնեզիոմով, երկաթով, խնձորի եւ կիտրոնի թթուով: Անիկա թելադրելի է անոնց, որոնք կ՛ուզեն նիհարնալ, քանի որ ան մարմնէն դուրս կը քշէ ճարպը` պահպանելով անհրաժեշտ սպիտակուցները:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Կաթը

Կաթին 85-95 առ հարիւրը կազմուած է ջուրէ,  մնացեալ բաժինը կը կազմեն` կենսանիւթերը, սպիտակուցները, ածխաջուրերը եւ ճարպերը:

***

10 լիթր կաթէն կարելի է ստանալ 1 քիլօ պանիր: Կով մը օրական կու տայ 90 բաժակ կաթ, այսինքն` մօտաւորապէս 200 հազար բաժակ կաթ, ամբողջ կեանքին ընթացքին:

***

Նախապէս ագարակատէրերը մեծ դժուարութեամբ կը կթէին իրենց կովերը. այսպէս մէկ ժամուան ընթացքին անոնք հազիւ 6 կով կը կթէին, իսկ երբ 1894 թուականին ստեղծուեցան կթող սարքերը, այդ աշխատանքը շատ դիւրացաւ: Ներկայիս կարելի է կթել աւելի քան 100 կով` մէկ ժամուան ընթացքին:

***

Ուղտի կաթը, կովու կաթին հետ համեմատած, աւելի դիւրին կ՛իւրացուի մարդու օրկանիզմին կողմէ եւ աւելի շատ Սէ. կենսանիւթ կը պարունակէ, նաեւ աւելի ուշ կը թթուի: Այս կաթը անապատային երկիրներու հիմնական սնունդն է:

***

Իր բաղադրութեամբ այծի կաթը ամէնէն մօտն  է մայրական կաթին:

***

Մարդիկ անասուններու կաթ սկսած են խմել 8000 տարի առաջ, երբ կովը եւ միւս կաթնատու անասունները դարձեր են ընտանի:

***

Շատ հին ժամանակներէն մարդիկ նկատեր են կաթին օգտակար յատկութիւնները եւ թագուհիներն ու իշխանուհիները կաթով լոգանքներ առեր են իրենց մորթին գեղեցկութեան համար:

***

Գիտնականներ փաստած են, որ կաթը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ ջանքերը այն անձերուն, որոնք կը փորձեն սննդականոնի հետեւիլ եւ նիհարնալ:

***

Շնորհիւ իր պարունակած Ա., Պէ.2, Պէ.12, Պէ. 3 եւ Տէ. կենսանիւթերուն` կաթը մեզ կը պաշտպանէ բազմաթիւ հիւանդութիւններէ:

***

Դարեր առաջ մարդիկ կը հաւատային, որ կաթը աւելի արագ կը թթուի ամպամած եղանակին, սակայն որքան ալ զարմանալի թուի, գիտնականները ապացուցեր են, որ ասիկա ճշմարտութիւն է, իսկ պատճառը ելեկտրամագնիսական ազդակներն են:

***

Շատեր համոզուած են, թէ կատուները կաթ շատ կը սիրեն, սխալ է այս կարծիքը եւ երբեք թելադրելի չէ անոնց կաթ տալը:

***

Կաթը ունի իր միջազգային օրը: Յունիս 1-ին շատ մը երկիրներ կը նշեն Կաթի միջազգային օրը: Որոշ երկիրներ տարբեր օրերու կը նշեն զայն, օրինակ` Աւստրալիոյ մէջ սեպտեմբեր 26-ին, Մալեզիոյ մէջ` յունիս 16-ին, իսկ Ֆինլանտայի մէջ` յունիս 3-ին:

 

Խոհագիր

Աղցան «Կակաչներ»

Բաղադրութիւն

10 հատ լոլիկ
300 կրամ պանիր
3 հատ խաշած հաւկիթ
250 կրամ մայոնեզ
200 կրամ մանրուած վարունգ
Սխտոր` ըստ ցանկութեան
Աղ, պղպեղ
10 հատ կանաչ սոխ

Պատրաստութիւն

Լոլիկին վրայ խաչանման կտրուածք բանալ եւ թէյի դգալով մը զգուշութեամբ պարպել միջուկը:

Խաշած եւ պաղած հաւկիթները մանր կտրտել, աւելցնել քերոցէ անցած պանիրը, կեղուըուած եւ մանր մանրուած վարունգը, ճզմուած սխտորն ու մայոնեզը:

Ստացուած միջուկով լեցնել լոլիկները:

Դանակով մը լոլիկներուն յատակին ճեղքեր բանալ եւ մէջը տեղաւորել կանաչ սոխը:

Լոլիկներուն փունջի ձեւ տալ եւ զարդարել կարմիր ժապաւէնով մը:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայաստան

Սա իմ երկիրն է – չափերով այնպիսին –
Որ կարող եմ վերցնել հետս,
Թէ մի հեռու տեղ գնամ:
Փոքրիկ` ինչպէս ծերացած մայր,
Փոքրիկ` ինչպէս նորածին զաւակ,
Իսկ քարտէսի վրայ
Ընդամէնը արցունքի մի կաթիլ…
Սա իմ երկիրն է – չափերով այնպիսին,
Որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մէջ,
Որ չկորցնեմ յանկարծ…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES