Գաղութէ Գաղութ

Յունաստան

Գիւղատնտեսական Ապրանքներու
Ցուցահանդէս

 

Ապրիլ 12-14 Յունահայկական առեւտրատնտեսական պալատը մասնակցեցաւ Աթէնքի Պերիստերիի ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած գիւղատնտեսական արտադրանքի ցուցահանդէսին:

Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած առանձին տաղաւարի մէջ ներկայացուեցան հայկական գինի, քոնեաք եւ պահածոներու տեսականի, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի տնտեսութեան, ներդրումային հնարաւորութիւններու վերաբերեալ տեղեկատուական եւ ծանուցողական նիւթեր:

Վրաստան

Հաւաքական Մկրտութիւն Ախալցխայի
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Մայիս 4-ին Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Վրաստանի Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ անապահով ընտանիքներու երեխաներու, որբերու եւ տարեցներու մկրտութեան արարողութիւնը: ՎՀՕՄ-ի եւ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած մկրտութեան արարողութեան ընթացքին մկրտուեցան մօտ երկու տասնեակ երեխաներ: Եղիշէ Ա. քհնյ. Յարութիւնեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ երբ անձ մը մկրտուի, պարտաւոր է ապրիլ ըստ եկեղեցւոյ պատուիրաններուն:

Մկրտութեան արարողութեան ընթացքին բոլոր մկրտուողներուն բաժնուեցան փոքրիկ խաչեր` Վրաստանի Հայ օգնութեան միութեան կողմէ:

Մկրտուողներուն ի պատիւ եկեղեցւոյ բակին մէջ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին սաները պարեցին հայկական ազգագրական պարեր, ապա բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ մատաղ:

Վերաօծում Մերենիայի
Ս
. Աստուածածին Եկեղեցւոյ

Ապրիլ 7-ին  վերաօծուեցաւ Ջաւախքի Մերենիա գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

Հայ եկեղեցւոյ օծման կարգով 6 ապրիլի երեկոյեան կատարուեցաւ նաւակատիկ` դռնբացէքի արարողութիւն: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ  Վազգէն եպս. Միրզախանեանի հանդիսապետութեամբ սուրբ միւռոնով օծուեցան եկեղեցւոյ 16 սիւները, մկրտութեան աւազանը, պատկերները:

Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերանորոգուած է եւ տարածքը բարեկարգուած է` Մասիս Ամիրխանեանի, Արարատ Ղուշչեանի, Արարատ Աւագեանի, Ահարոն Աւագեանի, Համլեթ Յարութիւնեանի եւ Զաւէն Պոչիկեանի բարերարութեամբ:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց բարերարներուն աստուածահաճոյ գործը` անոնց տալով օրհնութեան գիրեր եւ Աստուածաշունչ մատեաններ:

 

Քուէյթ

Դեսպան Չարչօղլեանի Հանդիպումը
Քուէյթի
Պետութեան Տեղեկատուութեան
Նախարարին
Հետ

Մարտ 15-ին Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի պետութեան տեղեկատուութեան նախարար, երիտասարդութեան հարցերու պետնախարար շէյխ Սալման Սապահ Սալեմ Ալ-Համուդ Ալ-Սապահի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուութեան բնագաւառին մէջ երկկողմ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:  Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ-քուէյթեան փոխգործակցութեան ներկայ մակարդակի խորացման եւ ընդլայնման ուղղուած քայլերուն վերաբերեալ: Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ արձանագրուած յառաջընթացին, որուն կապակցութեամբ նախարարը իր աջակցութիւնը յայտնեց նախատեսուող ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու հետագայ կեանքի կոչման:

Իր հերթին դեսպան Չարչօղլեան անդրադարձաւ վերջերս Քուէյթի  լրատուական ազգային գործակալութեան պատուիրակութեան Երեւան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն` կարեւոր նկատելով վերջինին եւ «Արմենփրես»-ի միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան փաստաթուղթը` որպէս խոստումնալից սկիզբ տեղեկատուութեան ոլորտին մէջ կապերու հետագայ ընդլայնման համար:

Հանդիպումի աւարտին քննարկուեցան երկու կողմերուն համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկկողմ եւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցեր:

 

Լիթվիա

Նելսոն Ստեփանեանի 100-Ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ գրող, պատմաբան Եուրի Մելքոնովի  եւ «Արարատ» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ալեքսանդր Գերոնեանի,  Լաթվիոյ հայ համայնքը մեծ շուքով նշեց  Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս, ռազմական օդաչու Նելսոն Ստեփանեանի 100-ամեակը: Ան զոհուած է պալթեան հանրապետութեան օդային տարածքին մէջ, 14 դեկտեմբեր 1944-ին:

«Մոսկուայի տուն»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Նելսոն Ստեփանեանին նուիրուած համաժողով: Երեք օր վերջ մեծ խումբ ուղղուեցաւ դէպի Լիեպայա նաւահանգստային քաղաքը, ուր թաղուած են հերոսին մասունքները: Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում  Նելսոն Ստեփանեանի գերեզմանին: Ելոյթ ունեցողները նշեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղը շատ հերոսներ տուած է  այդ պատերազմին եւ անոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Նելսոն Ստեփանեան: Անոնք վեր առին նաեւ հերոսին մարդկային նկարագրի եւ խիզախ օդաչուի կերպարը:

 

Անգլիա

Գիրքի Համաշխարհային Տօնավաճառ

Հովանաւորութեամբ Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի,  աջակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ու Լոնտոնի մէջ  Հայաստանի դեսպանութեան, 15 ապրիլին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Գիրքի համաշխարհային տօնավաճառին, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հրատարակիչներ:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ հայկական տաղաւարի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը, որուն ժամանակ ելոյթ ունեցան Լոնտոնի մէջ  Հայաստանի գործերու  ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Մարգարեան, բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի գործադիր նախագահ Վիգէն Հալաճեան, ինչպէս նաեւ` հրատարակիչներ ու համայնքային այլ գործիչներ:

Տօնավաճառը տեւեց մինչեւ 17 ապրիլ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Թենիսի Աստղ Անտրէ Աղասի Կ՛այցելէ
Լաս
Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցի

9 մայիսի յետմիջօրէին, թենիսի աշխարհի աստղերէն` հայազգի Անտրէ Աղասի, այցելեց Լաս Վեկասի նորակերտ Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցին` դիմաւորուելով հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի ու եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբի անդամներ Գօգօ Տարագճեանի եւ Լեւոն Կիւլպէնկեանի կողմէ:

Հուրի Տարագճեանը` ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ Գըրգ Գըրգորեանի կողմէ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանին մէջ հաստատուած «Տրիմ ֆոնտ» հիմնարկի ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըրն ու տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմէնէճեանները ներկայ էին սոյն հանդիպումին:

Եկեղեցւոյ մուտքին մոմեր վառելէ ետք, Աղասի եւ հիւրերը մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր կառուցման աշխատանքներուն եւ Լաս Վեկասի հայութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան անոր:

Հիւրերը նաեւ այցելեցին եկեղեցւոյ կից կառուցուած մշակութային կեդրոնը, ուր Հուրի Տարագճեան տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարանին մասին:

Այցելութեան աւարտին, Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեան Անտրէ Աղասիին յանձնեց հայկական աւանդական խաչքարի մը կրկնօրինակը, իսկ Աղասի շնորհաւորեց եկեղեցւոյ կառուցումը` դրուատելով ծուխին եւ Լաս Վեկասի հայութեան իրագործումները, միաժամանակ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով:

Գրական Երեկոյ` Յակոբ Խաչիկեանի Հետ

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի, Թէքէեան մշակութային միութեան, Վարդանանց ասպետներու եւ Կոստանդնուպոլսոյ բարեսիրական ընկերակցութեան, 5 ապրիլին Ֆեր Լոնի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ:

Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցան Յակոբ Խաչիկեանի երեք գիրքերը` «Մոխրագոյն զգեստով երիտասարդ մարդը», «Չառաքուած նամակներ» եւ «Իմ ցեղային հարցը»:

Օրուան հանդիսավարն էր Նիւ Ճըրզիի Հայկական ռատիոժամի տնօրէն Վարդան Ապտօ: Ձեռնարկը դէմ առ դէմ հարցազրոյց մըն էր, որ հանդէսը վերածեց անմիջական եւ հաղորդական: Զրոյցը կ՛ընդգրկէր հեղինակին առաջին տարիներու փորձառութիւնը իր ծննդավայր Թուրքիոյ մէջ, ուր առկայ էր խտրականութիւնը փոքրամասնութիւններու նկատմամբ:

Ատրիէն Աշպահեան, Սեդա Շահինեան եւ Տիրան Ճէպէճեան կատարեցին ընթերցումներ հեղինակին վերոյիշեալ գործերէն: Հայերէնով խօսք առաւ Խաչիկեանի հին բարեկամներէն ծանօթ ամերիկահայ հասարակական գործիչ Պերճ Արազ:

«Տրիմ Ֆոնտ»-ին Յատկացումները

* «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանի յարկին տակ հաստատուած «Տրիմ Ֆոնտ»-ը այս տարի եւս իշխանական յատկացումներ կատարեց թեմի ազգային վարժարաններուն:

Արդարեւ, 9 ապրիլին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեցին Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` վարժարաններու տնօրէններն ու մանկամսուրներու վարիչները, անոնց յանձնելու համար իւրաքանչիւր վարժարանի տրամադրուած յատկացումը:

Խնամակալ մարմինին եւ վարժարաններուն անունով Սագօ Պէրպէրեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին, Ազգային վարչութեան եւ յատկապէս «Տրիմ Ֆոնտ»-ի պատասխանատուներուն` այս իշխանական յատկացումներուն իրագործման համար:

* Ապրիլ 11-ին «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ի վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Գիւրճեան եւ անդամները այցելեցին առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան թեմի առաջնորդին եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ռիմա Պօղոսեանին հետ:

Առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհին ներկայացուցիչներուն բացատրեցին, թէ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի յարկին տակ հաստատուած «Տրիմ Ֆոնտ»-ը առատաձեռն յատկացում մը կատարած է «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ին` աջակցելու համար անոր աշխատանքներուն: Առաջնորդ սրբազանը յանձնեց յատկացումը:

«Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին` այս յատկացման ապահովման համար:

Իրաւաբան Ժոզեֆ Կանիմեան` «Արարատ Տուն»-ի
Հոգաբարձութեան
Ատենապետ

Վերջերս իրաւաբան Ժոզեֆ Կանիմեան նշանակուեցաւ «Արարատ տուն»-ի  հոգաբարձութեան ատենապետ: Նախորդ ատենապետ Նազար Աշճեան վստահեցուց, թէ Ժոզեֆ Կանիմեան լաւապէս պիտի կատարէ իր նոր պարտականութիւնը, յատկապէս որովհետեւ ան տարիներէ ի վեր մօտէն կը գործակցի «Արարատ տուն»-ին հետ եւ եղած է անոր հոգաբարձութեան անդամ:

Իրաւաբան Ժոզեֆ Կանիմեան գաղութին մէջ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ: Ան եղած է Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ, անդամ է Ամերիկեան կարմիր խաչի Լոս Անճելըսի բաժանմունքին ու ատենապետն է այդ բաժանմունքին պատկանող Նուէրներու ծրագրումի յանձնախումբին: Կանիմեան նաեւ հիմնադիր անդամ է «Հայաստան տուն»-ի: Ան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն ստացած է «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը` Հայց. եկեղեցւոյ մատուցած իր երկարամեայ կամաւոր ծառայութիւններուն դիմաց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES