Հայ Աւետարանական Քոլեճի 90-ամեակի Յոբելենական Ճաշկերոյթը. Օրուան Նախագահ` Տէր Եւ Տիկին Հրաչ Սիսեռեան 90.000 Տոլար Նուիրեց
Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի (ՀԱՔ) 90-ամեակը նշուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ շաբաթ, 4 մայիս 2013-ին, նախագահութեամբ Փարիզէն յատկապէս ժամանած դպրոցի բարերարներէն տէր եւ տիկին Հրաչ Սիսեռեանի եւ ներկայութեամբ 200 անձերու:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան (քոլեճի 1971-ի շրջանաւարտ), պետական ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ այլ հանգամանաւոր անձնաւորութիւններ, հիւրեր, բարեկամներ, շրջանաւարտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:
Օրուան թամատային` Լոնտոնէն յատկապէս ժամանած Համբիկ Գէորգեանի (1978-ի շրջանաւարտ) բարի գալուստի խօսքէն ետք, դպրոցի վաստակաշատ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ՀԱՔ 1955-ի շրջանաւարտ) օրուան հիմնական խօսքը տուաւ: Հակիրճ կերպով դպրոցի պատմութեան, ազգին տուած 1542 շրջանաւարտներուն անդրադառնալէ ետք, ան ըսաւ. «Հայ աւետարանական քոլեճը 90 տարեկան է այսօր, եթէ անհատներու կեանքին մէջ 90 տարիքը կը նշէ ապրուած կեանքի մը լիութիւնը ու վերջալոյսը, հաստատութիւններու կեանքին մէջ այդ տարիներու հարուստ փորձառութեան կուտակում է: Անցեալը չենք մոռնար, կը յիշենք եւ անցեալի իրագործումներու կողքին նոր նուաճումներ արձանագրելու ջանքին մէջ ենք նուիրեալ ուսուցչական կազմի, տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան միատեղ աշխատանքով: Լաւատեսութեամբ կը նայինք ապագային եւ կը շարունակենք մեր յաղթական երթը դէպի հարիւրամեակ»:
Ապա Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլաքեան (ՀԱՔ-ի 1988-ի շրջանաւարտ) աղօթք մատուցանեց:
Օրուան նախագահին միջոցներով Փարիզէն ժամանած երգիչ Վիգէն Դարբինեանի (ՀԱՔ-ի երկարամեայ նախկին աշակերտ) 6 անդամէ բաղկացած իր խումբին հետ հայկական երգեր հրամցուց` խանդավառելով ներկաները:
Դադարէ մը օգտուելով թամատայի հրաւէրով տնօրէնը բեմ բարձրացաւ եւ նշեց, թէ 1966-էն 1975 Հայ աւետարանական քոլեճի նախկին աշակերտ եւ դպրոցի բարերարներէն Հրաչ Սիսեռեան, որ իր աշակերտութեան օրերուն եղած էր մարզիկ, ծառայասէր, ընկերային ու հայու հոգիով առլցուն աշակերտ մը, դպրոցի 90-ամեակին առթիւ կը նուիրէր 90 հազար տոլար` իր եւ տիկնոջ Էլիզապէթի կողմէ: Անոնք բեմ հրաւիրուեցան եւ անոնց յանձնուեցաւ գեղեցիկ յուշատախտակ մը` ձեռամբ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Ռուպինա Արթինեանի: Հուսկ, Հրաչ Սիսեռեան իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ շատ պարտական կը զգար հանդէպ իր դպրոցին, տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին եւ լաւ յիշատակներ ունէր դպրոցէն: Բարերարի խօսքէն ետք ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ընթերցեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով. «90-ամեակին օրը տօն է Հայ աւետարանական քոլեճին եւ բոլորին, օր մըն է նշելու նոր մղոնաքար մը եւս Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կրթական առաքելութեան անցած երկար եւ վաստակաշատ ճանապարհին վրայ: 90 տարիներու իր կեանքով, վաստակով եւ յաջողութիւններով Հայ աւետարանական քոլեճը լաւագոյնս զարդարած եւ գեղեցկացուցած է այդ ճամբան, որ յաճախ ալ եղած է խոչերով եւ որոգայթներով լեցուն, լաւագոյնս իմաստաւորած եւ արդարացուցած է առաքելութիւնն ու նպատակները, որոնց իրականացման ի խնդիր` իրենց տաղանդներն ու աշխատանքը, քրտինքն ու ժամանակը, միտքն ու հոգին նուիրաբերած են հաւատարիմ մարդիկ` տնօրէններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, պաշտօնեաներ եւ հոգաբարձուներ»: Աւարտին վեր. Մ. Գարակէօզեան շնորհաւորեց Հայ աւետարանական քոլեճը, յատկապէս տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը` «որ իր ասպարէզն ու վաստակը նոյնացուց քոլեճի կեանքին հետ` յաջողութենէ յաջողութիւն տնօրինելով անոր ընթացքը 90 տարիներու աւելի քան կէսին տեւողութեան»:
Վերապատուելիի խօսքէն ետք Հայաստանի դեսպանատան Ա. քարտուղար Վարդան Ադամեան բեմ բարձրացաւ եւ հրաւիրեց տնօրէնը` ստանալու Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան «Պատուոյ գիրը», ուր գրուած էր. «Պարգեւատրւում է Լիբանանի Հայ աւետարանական քոլեճը 90-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ եւ հայակերտման գործում ունեցած աւանդի համար». ստորագրուած` նախարար Ա. Աշոտեանէն:
Օրուան հիւր երգիչ Վիգէն Դարբինեանի երգերով ճոխացած երեկոյին ընթացքին ընդմիջումներուն օրուան թամատան կարդաց բազմաթիւ նուիրատուութիւններու ցանկը: Վերջին բաժինով ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահը, տնօրէնը, դպրոցի հոգաբարձութիւնը, օրուան նախագահ տէր եւ տիկին Հրաչ Սիսեռեանը եւ Հայաստանի դեսպանատան Ա. քարտուղարը հատեցին 90-ամեակի կարկանդակը:
Ներկաները գոհունակ սրտերով բաժնուեցան սրահէն:

