Բազկամարտի Եւրոպայի Ախոյեանութեան Հայաստան Տիրացաւ 9 Մետալի

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 19 հոգի հաշուող հաւաքականը Եւրոպայի բազկամարտի ախոյեանութենէն վերադարձաւ 9 մետալով (2 ոսկի, 3 արծաթ եւ 4 պրոնզ):

Հայաստանի բազկամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արսէն Գաբրիէլեանի համաձայն, ախոյեանութեան մասնակցած են 26 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

«Մեր խումբէն ոսկի մետալի տիրացաւ Աշոտ Ադամեան (60 քկ), որ տիրացաւ նաեւ արծաթ մետալի` աջ ձեռքով տեղի ունեցած մրցումներուն: Իսկ 75 քկ դասակարգին մէջ աջ ձեռքով ոսկի մետալի տիրացաւ Դաւիթ Ներսիսեան», ըսաւ Գաբրիէլեան:

Այժմ Հայաստանի հաւաքականը պիտի պատրաստուի յառաջիկայ 1-8 սեպտեմբերին Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:

Նշենք, որ հայ բազկամարտիկները, 1995-էն ի վեր կը մասնակցին միջազգային մրցաշարքերու:

 

Share this Article
CATEGORIES