Մուրինիօ Պէտք Է Նոր Ակումբի Մը Փնտռտուքի Աշխատանքին Սկսի
Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը որոշեց ջնջել փորթուգալցի իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի հետ կնքուած համաձայնագիրը, հակառակ անոր որ անոր պաշտօնավարութեան աւարտին մնացած է երեք տարի:
Սպանիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած եւ մայրաքաղաքի խումբերուն մէջ ամէնէն զօրաւոր ակումբը նկատուող Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանը աւարտեց ձեռնունայն, ինչ որ հաշտ աչքով չդիտուեցաւ ակումբին պատասխանատուներուն եւ մանաւանդ անոր համակիրներուն կողմէ:
Թէեւ Մուրինիոյի յաջորդին մասին ոչինչ կը յայտարարուի, սակայն, ըստ սպանական մամուլին, ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես քուլիսներու ետին կ՛աշխատի եւ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին:
50 տարեկան Մուրինիօ, որ 2010-ին լքելով Ինթեր Միլանը միացաւ Ռէալ Մատրիտի, նախորդ տարուան մայիսին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ յունիս 2016:
Անուանի մարզիկներով օժտելու համար իր կազմը` Մուրինիօ, որ ծախսեց աւելի քան 400 միլիոն եւրօ (513 միլիոն ամերիկեան տոլար), այժմ միայն մրցում մը եւս ունի կատարելիք Ռէալ Մատրիտի հետ:

