ՈՒԻԼԻԸՄԶ. «ԱՔՔԱՐԻ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅՈՒՇԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ»
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ այցելեց ընկերային հարցերու գործավար նախարար Սելիմ Սայեղի, որուն յայտնեց, թէ ՄԱԿ պատրաստ է օժանդակութիւններ տրամադրելու նախարարութեան` քաջալերելու համար անոր աշխատանքները:
Ուիլիըմզ շեշտեց, որ իրենք լաւագոյնս կը զօրակցին ընկերային հարցերու նախարարութեան` գիտակցելով անոր կարեւոր դերակատարութեան, յատկապէս` այս հանգրուանին, երբ հիւսիսային Լիբանանի մէջ սկսած է հնչել սուրիացի գաղթականներուն տագնապը:
Անդրադառնալով Աքքարի մէջ տիրող կացութեան` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ այդ կացութիւնը կը յուշէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Ուիլիըմզ այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը:
Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ուիլիըմզ մտավախութիւն յայտնեց Մարուն Ռասի միջադէպերուն կրկնութեան հաւանականութեան առնչութեամբ: Ան շեշտեց, որ զէնքի ուժին դիմելը խստիւ դատապարտելի է, սակայն աւելցուց միաժամանակ, որ իրեն համար Իսրայէլի մտահոգութիւնները հասկնալի են, որովհետեւ պաղեստինցի ցուցարարները խախտած են սահմանային Կապոյտ գիծը` խզելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը: