ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Լրատուութիւն` իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող նախագիծի մը` կրթութեան եւ ուսման յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբին փոխանցման վերաբերող որոշումի մը խորհրդարանին միաձայնութեամբ վաւերացման մասին:

– Մէջբերում` իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած այն վերլուծումներուն, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւններէն լուրջ մտահոգ է եւ մտավախութիւններ ունի, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմը կրնայ տապալիլ:

– Թուրքիոյ եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի վարած քաղաքականութեան մասին վերլուծական յօդուած, որուն մէջ ուղղակի առնչութիւն կայ արաբական յեղափոխութիւններուն եւ թրքական արտաքին քաղաքականութեան միջեւ:

«ՍԱՖԻՐ»

– Թրքական դիւանագիտական շրջանակներ ընդվզում յայտնեցին լիբանանեան օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսնող այն յօդուածներէն, որոնք կ՛ակնարկեն Դամասկոս-Անգարա երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

«ՏԻԱՐ»

Անդրադարձ` ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան գանձապահ Նազարեթ Սապունճեանի կողմէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սղաճին եւ վառելանիւթի սակերու յաւելումին դէմ կայացած շարժումներուն նկատմամբ գնահատանքին, ինչպէս նաեւ երկրին ապրուստի պայմանները բարելաւելու եւ վառելանիւթի սակերը նուազեցնելու անոր պահանջին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Անուար» օրաթերթը):

– Լրատուութիւն այն մասին, թէ Թուրքիա-Սուրիա-Յորդանան-Լիբանան տնտեսական գործակցութեան քառակողմ համաձայնագիրը այս հանգրուանին տեղքայլի մէջ կը գտնուի` Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ արտայայտած վերջին կեցուածքներուն պատճառով:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

Վերլուծական յօդուած` արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումներուն մասին թրքական կեցուածքներուն եւ դիւանագիտական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրելիք երրորդ յաջողութեան հաւանականութեան:

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Ուաշինկթընի ուղղուած խնդրանքին, որ վերջինս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին յաւելեալ ժամանակ շնորհէ` բարեկարգումները գործադրելու համար. Էրտողան նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ուաշինկթընի Ասատը թիրախ չդարձնելու:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Շարք» եւ «Ախպար» օրաթերթերը):

 

 

Share this Article
CATEGORIES