ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, 26 մայիսին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցիները պատասխանատու են յաջորդ կառավարութեան ունենալիք բնոյթի ընտրանքին:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կը կատարեն սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ձախողեցնելու արարքին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ միագոյն կառավարութիւն կազմել` աւելցնելով, որ պէտք է կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները կը գտնուին Պեքաայի մէջ եւ զանոնք ազատ արձակելու նպատակով գաղտնի բանակցութիւններ կը կատարուին: Նշենք, որ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստացաւ վիտէօ երիզ մը, որուն մէջ 7 էսթոնիացիները առողջ կ՛երեւէին:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի նախագահ զօր. Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Չինաստանն ու Ռուսիան ռահվիրաներ են եւ հիմնական հսկայ ուժեր, որոնք կը դիմադրեն ամերիկեան կայսերապաշտութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Ապտել Մեժիտ Սալեհ եւ Ասեմ Քանսօ շեշտեցին, որ իրենք մտահոգ են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան այցելութեամբ` նշելով, որ իրենց նախատեսութիւններուն համաձայն, այդ այցելութիւնը կը միտի ուշացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանը Սուրիոյ դէմ  յարձակման իբրեւ յենակէտ օգտագործելու արարքներուն` աւելցնելով, որ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը պիտի կատարուի միայն Դիմադրութեան ճամբով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու եւ հարաւային Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան հսկելու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն յանձնառութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան դատապարտեց Ճեֆրի Ֆելթմանի այցելութիւնը` շեշտելով, որ Սուրիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները կը քաջալերեն մեզի յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ նկատմամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES