ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային եւ քրիստոնէական առումով Պքերքէի ունեցած դերակատարութիւնը:
Ռայի պատրիարքը նախագահ Սլէյմանին յանձնեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին դիմանկարը կրող յուշանուէր մը:
Նախագահ Սլէյմանին այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական ընդհանուր կացութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան