Մխիթարեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Շախտիոր Տոնեցքի մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած լուրը, կը յայտնէ, որ ակումբին մաս կազմող Հենրիխ Մխիթարեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու համար յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
Հայրենի հաւաքականը յառաջիկայ 7 յունիսին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մալթան, իսկ չորս օր ետք Քոփենհակընի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Դանիոյ:
CATEGORIES Մարզական

