Փիցարօ Կը Վերադառնայ Չիլի` Ութ Տարուան Բացակայութենէ Ետք
Ֆիորենթինայի միջնապահ Տաւիտ Փիցարօ ութ տարուան երկար բացակայութենէ մը ետք կը վերադառնայ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար յառաջիկայ ամիս Փարակուէյի եւ Պոլիվիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
Նշենք, որ Փիցարօ վերջին անգամ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ տեսնուեցաւ հոկտեմբեր 2005-ին, երբ Սանթիակոյի մէջ մրցեցաւ Էքուատորի դէմ:
33 տարեկան Փիցարօ, որ միջազգային 36 մրցումի ընթացքին նշանակած է 2 կոլ, ընդունեց իրեն ուղղուած այս հրաւէրը` մարզիչ Խորխէ Սամփաուլիէն:
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ այժմ Չիլի 11 մրցումէ ապահովելով 15 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին (24 կէտ), ապա յաջորդաբար` Էքուատոր (20) եւ Քոլոմպիա (19):
Նշենք, որ յառաջիկայ 7 յունիսին Չիլի հիւրը պիտի ըլլայ Փարակուէյի, իսկ չորս օր ետք պիտի հիւրընկալէ Պոլիվիան:

