Կարեւոր Մրցաշարքերուն Ընթացքին. Ֆիտէ-ի Փոխնախագահը Պիտի Արգիլէ Գլխարկի Գործածութիւնը
Իր լուրը քաղելով Chessdom կայքէջէն` PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ֆիտէ-ի փոխնախագահ եւ աղջկանց միջազգային վարպետ Պէաթրիս Մարինելլօ միջազգային կարեւոր մրցաշարքերու ընթացքին պիտի արգիլէ գլխարկի գործածութիւնը:
Իրենց կատարած մրցումներուն ընթացքին ընդհանրապէս (եթէ ոչ միշտ) գլխարկ դրած կ՛ըլլան Կաթա Քամսքի եւ Հիքարու Նաքամուրա:
Իսկ աղջկանց պարագային պիտի արգիլուին մուճակը, կիսամերկ պատկերներով հագուստը, արեւու ակնոցը, շորթը, կարճ պլուզը, թափանցիկ հագուստը եւ անշուշտ գլխարկը:
CATEGORIES Մարզական

