Ֆութսալ. Այսօր` Քաթար – Լիբանան Երկրորդ Մրցումը

Պատրաստուելու համար յառաջիկայ 26 յունիսէն 6 յուլիս Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք ասիական խաղերուն, Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը կը գտնուի Քաթար, ուր կը կատարէ բարեկամական մրցումներ` դաշտին տիրոջ դէմ:

Այսօր երկու կազմերը դարձեալ իրարու դէմ պիտի ճակատին Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:30-ին:

Իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանան նախանցեալ օր արձանագրեց 3-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1) յաղթանակ մը: Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Մոհամետ Քուպէյսի, Քարիմ Ապու Զէյտ եւ Ալի Թանիշ:

Այս մրցումին Լիբանանը ներկայացուցին Հիւսէյն Համտանի (բերդապահ), Քասեմ Քուսան, Քարիմ Ապու Զէյտ, Հասան Զէյթուն, Ալի Թանիշ, Մուսթաֆա Սըրհան, Քասեմ Ազզէտտին, Էտմոն Շահատէ եւ Մոհամետ Քուպէյսի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES