Միշել Տը Շատարեւեան Ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Նախագահ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Միշել Տը Շատարեւեան նախանցեալ օր ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ` Փարիզի մէջ գտնուող Ֆրանսայի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 31 ֆրանսախօս երկիրներ: Տը Շատարեւեան ստացաւ 26 քուէ:
Նոր ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարն ու գանձապահը եղան ֆրանսացիներ:
Բոլորին միաձայնութեամբ ռումանացի Պէաթրիս Ռոմանիսքօ նշանակուեցաւ աղջկանց յանձնախումբի նախագահ` Ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնին մէջ:
Նշենք, որ Տը Շատարեւեան Փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնի լրագրողներու յանձնախումբին անդամ է:
Նախանցեալ օր ան ստանձնեց նաեւ այլ պաշտօն մը` նշանակուելով Փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին նախագահ Ատհամ Շարարայի յատուկ յանձնակատարը:


