Անհաղորդակցութեան Սեւ Տրամը

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

1950-ական թուականներու առաջին տարիներուն, փոքրամարմին, իր մարմինին ներդաշնակ փոքր ու տխուր աչքերով ռումանական ծագումով անծանօթ երիտասարդ մը փոթորիկի ուժգնութեամբ յայտնուեցաւ ֆրանսական թատրոնի բեմին վրայ, նոյնքան յանդուգն երկու օտար երիտասարդ թատերագիրներու` Արթիւր Ադամովի եւ Սամուէլ Պեքէթի հետ, իրենց հիմերէն ցնցելու համար ո՛չ միայն ֆրանսական թատրոնը, այլեւ` համաշխարհային արդի թատերարուեստի տաճարը: «Երկրաշարժ»ին ցնցումները արձագանգեցին մօտիկ ու հեռաւոր զանազան երկիրներու բեմահարթակներուն վրայ եւ տակաւ առ տակաւ սկսաւ ձեւաւորուիլ նոր թատրոն մը, զոր բնութագրելու համար Մարթին Էսլին պիտի դիմէր «Անհեթեթի թատրոն» յղացքին` Իւնեսքոյի, Պեքէթի եւ Ադամովի մասին գրած իր գիրքին մէջ:

1950-ին առաջին անգամ բեմ բարձրացած Էօժէն Իւնեսքոյի «Ճաղատ սոփրանոն» կամ «Ճաղատ երգչուհին» միարար թատերախաղին յաջորդեցին նոյն հեղինակին «Դասը», «Ժագ» եւ «Աթոռները»  անուն թատրերգութիւնները, որոնք Ադամովի գործերուն եւ յատկապէս Սամուէլ Պեքէթի «Սպասելով Կոտոյին» գլուխ-գործոցին հետ աւելի ընդարձակեցին այս թատերական յեղափոխութեան գեղարուեստական քարտէսին սահմանները: Երկրորդ Աշխարհամարտի արհաւիրքէն դուրս ելած, հիասթափ, գոյութենական ամէն ազնիւ նպատակ եւ իմաստ կորսնցուցած զոհ մարդն էր, որ կը ծաղրէր ամէն ինչ, ամէն սրբութիւն եւ կեանք կոչուած առեղծուածին նոր բովանդակութիւն ու վերանորոգ իմաստ տալու ամէն ճիգ:

Եւ որովհետեւ «մարդ արարածը մղում կը ստանայ անազնիւ բնազդներէ, որոնք յաճախ աւելի ուժեղ են բարոյական օրէնքներէն», ինչպէս պիտի հաստատէր Էօժէն Իւնեսքօ աւելի ուշ, իր ծննդեան 70-ամեակին առիթով «Փարի Րիվիու» եռամսեայ հանդէսի էջերուն Շուշշա Կափիի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ, Էօժէն Իւնեսքօ առաջին իսկ օրէն կեդրոնացաւ այդ «անազնիւ բնազդներ»ը ձաղկելու, խամաճիկ-ձեռնածու զոհ մարդուն ողբերգական էութիւնը բացայայտելու եւ անհաղորդակցութեան տրամը ընդգծելու դժուարին աշխատանքին վրայ: Եւ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով, սկզբնական շրջանին մերժեց Մարթին Էսլինի «Անհեթեթի թատրոն» բանաձեւումը եւ նախընտրեց Էմանուէլ Ժաքարի գործածած «Հեգնանքի թատրոն» անուանումը:

Վերադառնալով արդի թատրոնի այս հսկային առաջին շրջանի մեր նախապէս նշած թատերախաղերուն, բայց ի մասնաւորի «Ճաղատ սոփրանոն» արտակարգ թատրերգութեան, յայտնենք, որ անիկա որոշ չափով դասական յղացք ու դիմագիծ ունի, այսինքն` տեսարաններ, խօսակցութիւն, տիպարներ, սակայն մղոններով հեռու է դասական թատրոնէն` իր իսկ ստեղծած թիւրիմացութիւններով: Նոյնն է պարագան նաեւ «Դասը» թատերախաղին: Ասոնք Իւնեսքոյի թատերական արուեստին առաջին մակարդակն են եւ չունին այն բարդ, անկապ ու վերացականացուած բազմաշերտ ու բազմահանգոյց աշխարհը, որուն կը հանդիպինք աւելի ուշ, օրինակ, «Ռնգեղջիւրները», «Դուրս տարէք թագաւորը» կամ «Մաքպէթ» անուն գործերուն մէջ` իրենց բնազանցական, ծիսական ու վերացական երեսներով:

Այնուամենայնիւ, մահուան գաղափարին հետ չկարենալ հաշտուելու գաղափարը, այս կամ այն ձեւով, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ներկայ է արտակարգ աստղի մը տակ ծնած այս անառակ գրողին գրեթէ բոլոր թատերախաղերուն մէջ: Չէ՞ որ «գործս, հիմնականօրէն, մահուան հետ զրոյց մըն է: Մահուան ուղղուած հարցում մը. «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ»: Այնպէս որ, միայն մահը կրնայ զիս լռեցնել, միայն մահը կրնայ շրթներս փակել», ինչպէս կ՛ըսէ ինք:

Ուրեմն, մահուան կամ կեանք-մահին հետ ամէնօրեայ, դժուար, հազար ձեւով միջամտուած, որոշ չափով խանգարուած եւ շարունակ խանգարուող զրոյց մը` ԱՆՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ, որուն մէկ պերճախօս օրինակը կրնայ հանդիսանալ «Ճաղատ սոփրանոն» երկի չորրորդ պատկերին մէջ իրարու դէմ նստած, սակայն կարծես զիրար չճանչցող-ճանչցող տէր եւ տիկին Մարթիններու միջեւ ծաւալած անհեթեթ երկխօսութիւնը: Հեգնական, ծանր, անիմաստ, քայքայուած երկխօսութիւն մը, որ իր նոյնքան քայքայուած լեզուով ու սեւ հեգնանքով ամէն բան կ՛ըսէ, սակայն միաժամանակ ոչինչ կ՛ըսէ: Կ՛աղմկէ լռութեան զայրոյթը անհաղորդակից զոյգին եւ ճակատագիրը կը շարունակէ հանդիսադրել իր անհեթեթ, անհասկնալի եւ ողբերգակատակերգական միեւնոյն խաղը, որուն վարագոյրը կը մնայ բաց` բեմահարթակ մագնիսելով ակամայ դերակատար-հանդիսատեսները:

Եւ թատերախաղ առ թատերախաղ կը սկսի գոյանալ եւ ձեւ ու կերպարանք ստանալ անաւարտ նոր թատրոն մը, որ անկարելի երազներու ծնունդ զոհ-տիպարներով, խամաճիկներով ու տխուր հարցադրումներով, աւելի ճիշդ` «իբրեւ մէկը եւ ոչ իբրեւ ես կամ դուն» խօսող Էօժէն Իւնեսքոյի անանձնական, հեգնախառն, ջղապիրկ եւ անհաղորդակցութեանց ու թիւրհասկացողութիւններու բազմաթնճուկ թատրոնը, որուն առաջին շեփորահարներէն մին հանդիսացած «Ճաղատ սոփրանոն» բեմ բարձրացնելով` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ հաւատարիմ իր հիմնադիրներուն խիզախ աւանդին` է՛ եւ կը մնայ լիբանանահայ թատրոնի ժամանակահունչ, տեսլապաշտ եւ նոր որակ ու մակարդակ ունեցող գործեր բեմականացնող անշեղ ու նպատակասլաց կողմնացոյցը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )