ՀՄԸՄ. Հաղորդագրութիւն Համահմըմ-Ական 9-րդ Մարզախաղեր
27 Յուլիսէն 3 Օգոստոս 2013
Երեւան, Հայաստան
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող ՀամաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը սպասուած եւ միշտ յաջողութեամբ պսակուող աւանդութիւն մըն են ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ, ուր հարիւրաւոր ՀՄԸՄ-ականներ, աշխարհի չորս ծագերէն, կը մէկտեղուին մրցելու, բարեկամանալու եւ իրենց հայկականութիւնը զօրացնելու համար: Մարզախաղերը տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը` ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ ունեցող տարբեր երկիրներու մէջ:
ՀՄԸՄ-ի 95-ամեայ պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ` Երեւան, 27 յուլիսէն 3 օգոստոս 2013-ին: ՀամաՀՄԸՄ-ական 9րդ մարզախաղերը պիտի վայելեն Հայաստանի Հանրապետութեան ողիմպիական կոմիտէի նախագահին` Գագիկ Ծառուկեանի նախագահութիւնը:
Մարզախաղերուն պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 600 մարզիկներ, որոնք Երեւանի մէջ պիտի համախմբուին` ժամանելով աշխարհի զանազան երկիրներէ, իրենց հայրենի հողին վրայ մրցելու եւ անոր նկատմամբ իրենց ունեցած սէրն ու կարօտը յագեցնելու համար:
Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն հետեւեալ մարզաձեւերը.
– Տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ
– Կրտսեր տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ
– Տղոց եւ աղջկանց անհատական ճատրակ
– Տղոց ֆութպոլ
– Աղջկանց վոլիպոլ
– Տղոց եւ աղջկանց աթլեթ
– Տղոց եւ աղջկանց թենիս
– Տղոց եւ աղջկանց փինկ-փոնկ
– Տղոց եւ աղջկանց լող
ՀամաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը լաւագոյն ձեւով իրագործելու եւ ՀՄԸՄ-ի մասին հայրենի ժողովուրդին աւելի լայն ծանօթութիւն տալու համար նկատի առնուած է բացման հրապարակային հանդիսութիւն մը, որուն պիտի հրաւիրուի հանրութիւնը: Բացման հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքեր պիտի արտասանեն պետական ներկայացուցիչներ: Տեղի պիտի ունենայ տողանցք` մարզիկներու մասնակցութեամբ եւ, աւարտին, երգահանդէս-փառատօն մը` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հրաւիրուած երգիչներու մասնակցութեամբ:
Մարզախաղերու մասնակից մարզիկներն ու յանձնախումբերու անդամները Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ յարգանքի իրենց տուրքը պիտի մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ապա անոնք պիտի այցելեն նաեւ Եռաբլուր: Մասնակիցներուն համար նկատի առնուած է նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր:
Հայրենի հողին վրայ տեղի ունեցող ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին պիտի հասնին յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով` պաշտօնական անձնաւորութիւններու, հիւրերու եւ մարզիկներուն ներկայութեամբ: Մարզիկներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ պիտի վերադառնան իրենց երկիրները, ութօրեայ անմոռանալի պահերէ ետք, Հայաստանի նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը վերանորոգած եւ կրկին ու կրկին հայրենի հողին վերադառնալու կարօտով լեցուն:
ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու կապուած նորութիւններուն կարելի է հետեւիլ հետեւեալ կայքէջին ճամբով` www.homenetmen.org կամ կապուիլ [email protected] ե-նամակի հասցէին:
ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

